Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ RyanAir-ը Մտադիր է Յառաջիկային Մուտք Գործել Հայկական Օդային Ոլորտ

RyanAir-ը Մտադիր է Յառաջիկային Մուտք Գործել Հայկական Օդային Ոլորտ

by MassisPost

Հայաստանի կառավարութիւնը զբօսաշրջութիւնը յայտարարած է առաջնահերթութիւն, ոլորտը զարգացման մեծ ներուժ ունի, եւ այս ծիրէն ներս կարեւոր քայլերէն է քաղաքացիական օդանաւային  զարգացումը: Այս մասին յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ ընդունելով իռլանդական RyanAir օդանաւային ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Տեյւիտ Օ’Պրայընը եւ ուղղութիւններու զարգացման գիծով ղեկավար Քեյթ Շերին:

Փաշինեանի խօսքով՝ գործադիրը կը կարեւորէ Հայաստանի օդանաւային շուկային մէջ այս բնագաւառը ներկայացնող առաջատար ընկերութիւններու ներգրաւումը, եւ RyanAir-ի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումը լաւ առիթ է՝ համագործակցութեան հնարաւորութիւնները քննարկելու համար:

Վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցմամբ՝ RyanAir-ի գլխաւոր տնօրէնը նշած է, որ ընկերութիւնը մտադրութիւն ունի յառաջիկային մուտք գործել հայկական օդանաւային շուկայ, եւ Քաղաքացիական օդանաւային  կոմիտէի, «Զուարթնոց» օդակայանի հետ ներկայիս քննարկումներ կ’ընթանան այդ գործընթացի շուրջ: Ան ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ գործունէութիւն ծաւալելու տեսլականը՝ խօսելով երկրէն նոր ուղղութիւններով թռիչքներու, սակագնային քաղաքականութեան եւ այլ հարցերու շուրջ:

Վարչապետը, ողջունելով օդանաւային ընկերութեան՝ Հայաստան մուտք գործելու մտադրութիւնը, Կառավարութեան պատրաստակամութիւնը յայտնած է հնարաւորինս աջակցելու այդ գործընթացին: Կառավարութեան ղեկավարը առաջարկած է շարունակել համատեղ աշխատանքը փոխշահաւէտ համագործակցութեան տարբերակի շուրջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment