Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վենետիկի Յանձնաժողովը Պատրաստ է Խորհրդատուական Կարծիք Տրամադրել Քոչարեանի Գործով

Վենետիկի Յանձնաժողովը Պատրաստ է Խորհրդատուական Կարծիք Տրամադրել Քոչարեանի Գործով

by MassisPost

Եւրախորհուրդի Վենետիկի յանձնաժողովը պատրաստ է խորհրդատուական կարծիք (amicus curiae opinion) տրամադրելու Երեւանի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի եւ Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի դիմումներու հիման վրայ Սահմանադրական դատարանի կողմէ քննութեան ընդունուած գործերով: Այդ մասին Օգոստոս 20-ին Սահմանադրական դատարանի նախագահ Հրայր Թովմասեանին հասցէագրուած գրութեամբ յայտնած է Վենետիկի յանձնաժողովի տնօրէն-քարտուղար Թոմաս Մարքերթը, ըսուած է Սահմանադրական դատարանի աշխատակազմի այսօրուայ հաղորդագրութեան մէջ:

Նախկին նախագահի գործով խորհրդատուական կարծիք ստանալու համար Սահմանադրական դատարանը Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան եւ Վենետիկի յանձնաժողով  դիմած է Յուլիս 18-ին՝ կասեցնելով Քրէական օրէնսգիրքի 300,1-րդ յօդուածի՝ Սահմանադրութեան համապատասխանութեան հարցը որոշելու վերաբերեալ գործերու վարոյթները: Օգոստոսի սկիզբը հաղորդուած էր, որ Եւրոպական դատարանը ստացած է Սահմանադրական դատարանի դիմումը եւ այն պիտի քննարկէ առաջնահերթութեան կարգով:

Երեւանի դատարանի դատաւոր Դաւիթ Գրիգորեանը Մայիսի 20-ին կասեցուցած էր Մարտ 1-ի քրէական գործի վարոյթն ու այն ուղարկած Սահմանադրական դատարան։ Գրիգորեանը բարձր դատարանէն խնդրած էր որոշել Ռոպերթ Քոչարեանին մեղսագրուող՝ սահմանադրական կարգը տապալելու մասին յօդուածի սահմանադրականութիւնը եւ նախագահի անձեռնմխելիութեան հիմնարկի էութիւնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment