Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Ամուլսար»ի Հարցով «Էլարտ» Ընկերութեան Եզրակացութիւնը Ուղարկուած է Շրջակայ Միջավայրի Նախարարութիւն

«Ամուլսար»ի Հարցով «Էլարտ» Ընկերութեան Եզրակացութիւնը Ուղարկուած է Շրջակայ Միջավայրի Նախարարութիւն

by MassisPost

Կառավարութեան պատուէրով Ամուլսարի մէջ համալիր փորձաքննութիւն իրականացուցած «Էլարտ» (Advanced Resources Development (ELARD) ընկերութեան եզրակացութիւնը Կառավարութեան աշխատակազմը ուղարկած է Շրջակայ միջավայրի նախարարութիւն, Ֆէյսպուքի մէջ գրած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:

Վարչապետի փոխանցմամբ, նախարարութեան յանձնարարուած է պարզել՝ «արդեօ՞ք եզրակացութեան մէջ կան տուեալներ, որոնք Հայաստանի օրէնսդրութեան համաձայն Ամուլսարի հանքի շահագործման համար Շրջակայ միջավայրի ազդեցութեան նոր գնահատում իրականացնելու անհրաժեշտութիւն կ’առաջացնեն»:

Աւելի վաղ վարչապետը յայտնած էր, որ խորհրդակցութիւն գումարած է Ամուլսարի հարցով, որուն մասնակցած է նաեւ «Լիտիան» ընկերութեան ներկայացուցիչը: «Ինձ հետաքրքրում էին նախագծուած գործընթացի հնարաւոր փուլերը՝ շօշափելիօրէն, հնարաւոր ռիսքերի հնարաւոր կառավարման մեթոտներն ու կառավարութեան ունեցած լծակները», – գրած էր վարչապետը՝ ամփոփելով․ – «Շարունակում ենք աշխատել այս խիստ կարեւոր թեմայի վրայ»:

Ամերիկա-բրիտանական «Լիտիան Արմենիա»-ն Ամուլսարի ոսկիի հանքի շինարարութիւնը սկսած էր 2016-ին՝ յայտարարելով, որ պիտի ներդնէ աւելի քան 400 միլիոն տոլար: Հանք տանող ճանապարհը արդէն մէկ տարիէն աւելի է՝ փակ է․ այն շրջափակած են Ամուլսարի յարակից համայնքներու բնակիչները:

Երկուշաբթի օր բնապահպանները եւ Ամուլսարի մերձակայ բնակավայրերու բնակիչները հանքի շահագործման դէմ բողոքի ցոյց իրականացուցին Երեւանի Բաղրամեան պողոտային վրայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment