Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի Կարծիքով Ատրպէյճան Հասած Զինուորը Մոլորուած էր

Նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի Կարծիքով Ատրպէյճան Հասած Զինուորը Մոլորուած էր

by MassisPost

Ինչի՞ հետեւանքով Արցախի Պաշտպանութեան բանակի զինծառայող, 19-ամեայ Արայիկ Ղազարեանը յայտնուած է Ատրպէյճան, պաշտպանութեան նախարարութիւնը դեռ յստակ պատասխան չի տար։ Նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը կը կարծէ, որ զինծառայողը տեղանքին մէջ մոլորուած է։

«Ազատութեան» հարցին՝ ատրպէյճանական լրատուամիջոցները տեղեկութիւն տարածեցին, թէ Պաշտպանութեան բանակի զօրամասերէն մէկու զինծառայողը լքած է մարտական դիրքը, հայկական կողմն ալ հաստատած է տեղեկութիւնը, արդեօ՞ք պարզուած են հանգամանքները, թէ ինչու զինծառայողը լքած է մարտական դիրքը, Տօնոյեանը պատասխանած է. «Դեռեւս իրականացւում է այս փուլում հետաքննութիւն կատարուածի վերաբերեալ։ Ես անձամբ կարծում եմ, որ մեր զինծառայողը աշխարհագրօրէն մոլորուել է»։

Հայ զինծառայողի կողմէ մարտական դիրքը լքելու վերաբերեալ տեղեկութիւնը ատրպէյճանական լրատուամիջոցները տարածած էին: Աւելի ուշ Պաշտպանութեան բանակէն հաստատած էին, որ Ատրպէյճանի տարածքին յայտնուած զինծառայողը Արայիկ Հայկի Ղազարեանն է, որ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հարաւ-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած պահպանութեան տեղմասէն, դեռ չպարզուած հանգամանքներու մէջ, լքած է մարտական դիրքը:

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, յղում կատարելով իրենց պաշտպանութեան նախարարութեան, կը պնդեն, որ զինծառայողը ձերբակալած են Ֆիզուլիի մարտական դիրքի մօտակայքը, եւ որ անոր «դասալքութեան պատճառը եղած է զօրամասին մէջ անմարդկային վերաբերմունքը»:

Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը ատրպէյճանական մամուլին մէջ յայտնուած տեղեկութիւնները քարոզչութիւն որակած է:

«Տեղեկատուական քարոզի, հակառակորդի տեղեկատուական աշխատանքի արդիւնքն է սա, ու չեմ կարծում, որ անհրաժեշտ է տարածել այս տեղեկատւութիւնը։ Ես դեռեւս չեմ կարող ասել, որ ինքը հոգեբանօրէն էլ է մոլորուել, բայց աշխատանքի արդիւնքում մենք արդէն տեղեկութիւնը կը տանք։ Ցաւալի դէպք է բոլորիս համար, բայց կարծում եմ, որ նորմալ է անցնելու, եւ նաեւ կոչ եմ անում իմ Ատրպէյճանի գործընկերներին, որպէսզի այդ տեղեկատուական աշխատանքը դադարեցնեն», – նշած է Տօնոյեանը։

Նախարարը տեղեկացուցած է, որ հայկական կողմը զինծառայողը ետ վերադարձնելու նպատակով դիմած է Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին: Կարմիր Խաչէն «Ազատութեան» յայտնած են, որ կոմիտէն արդէն գաղտնի երկխօսութիւն կը վարէ կողմերու հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment