Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետը Ընդունած է Ռուսաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղարը

Վարչապետը Ընդունած է Ռուսաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղարը

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ընդունած է Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւը:

Ըստ վարչապետի պաշտօնական կայքէջի, նշելով, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած քաղաքական փոփոխութիւններէն ետք սա Փաթրուշեւի առաջին այցն է Հայաստան, Փաշինեանը ըսած է, որ այն լաւ առիթ է՝ հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւններու օրակարգային հարցերուն նաեւ այս ձեւաչափով անդրադառնալու համար:

Հայաստանի վարչապետի խօսքով՝ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ ռազմավարական համագործակցութիւնը աշխոյժ կը զարգանայ, եւ առկայ է կառուցողական աշխատանքային մթնոլորտ, ինչի մասին կը վկայեն ՌԴ նախագահի, վարչապետի հետ յաճախակի հանդիպումները եւ բարձրաստիճան միւս մակարդակներուն վրայ շփումները:

Փաշինեանը կարեւորած է Հայաստանի եւ Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդներու միջեւ համագործակցութիւնը՝ հայ-ռուսական ռազմավարական կապերու շարունակական զարգացման, տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան ու կայունութեան ապահովման ուղղութեամբ համատեղ աշխատանքի ծիրէն ներս:

Ռուսաստանի Դաշնութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը Նիկոլ Փաշինեանին փոխանցած է Ռուսաստանի նախագահի եւ վարչապետի ողջոյնները եւ նշած, որ ուրախ է այցելելու Հայաստան, հանդիպումներ ունենալու ՀՀ վարչապետի, ինչպէս նաեւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի հետ:

Ան արդիւնաւէտ համարած է  Հայաստանի  Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի հետ խորհրդակցութիւնները, որոնց ընթացքին, Փաթրուշեւի խօսքով, քննարկուած են անվտանգութեան ոլորտի մէջ տարբեր ուղղութիւններով համագործակցութեան հարցեր, անդրադարձ եղած է ինչպէս երկկողմ, այնպէս ալ բազմակողմ ձեւաչափերով՝ միջազգային կազմակերպութիւններու շրջանակէն ներս ՀՀ-ՌԴ փոխգործակցութեան:

Փաթրուշեւը նաեւ տեղեկացուցած է, որ այս տարուան նոյեմբերին կը նախատեսուի Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) անդամ պետութիւններու է Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարներու հաւաք, եւ Հայաստանը, ինչպէս միշտ, հաստատած է իր մասնակցութիւնը այդ հաւաքին:

ՀՀ վարչապետը եւ ՌԴ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը միտքեր փոխանակած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի, տարածաշրջանին մէջ ռազմական հաւասարակշռութեան պահպանման եւ կայունութեան ապահովման հարցի, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային անվտանգութեան զարգացումներու ու մարտահրաւէրներու շուրջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment