Ամերիկեան «Netflix» ընկերութեան կողմէ նկարահանուած «Ուրիշ կեանք» հեռուստաշարի տեսաշարերէն մէկուն մէջ անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան։
«Էրմէնիհապեր»-ը կը գրէ, որ ֆիլմաշարի կերպարներէն մէկը կը խօսի իր հայկական ծագման մասին ու կը պատմէ, որ իր տատիկը ցեղասպանութենէն փրկուելու համար երեխաներուն հետ անցած է անապատներու մէջէն։
Այս դրուագը չէ վրիպած Թուրքիոյ Ռատիոյի եւ հեռուստատեսութեան բարձրագոյն խորհուրդի (RTÜK) ուշադրութենէն, որ մեղադրած է ամերիկեան ընկերութեան՝ բացայայտ կերպով Հայոց ցեղասպանութեան եղելութիւնը քարոզելու մէջ։
Թուրքիոյ Ռատիոյի եւ հեռուստատեսութեան բարձրագոյն խորհուրդին վրդովեցուցած է այն հանգամանքը, որ իրենց բարձրացուցած խնդրի վերաբերեալ «Netflix» ընկերութիւնը մինչեւ այժմ որեւէ պարզաբանում եւ բացատրութիւն չէ ներկայացուցած։