Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՅՔԾ-ն Հերքած է Մարտ 1-ի Գործի Վերաբերեալ BBC-ին Տեղեկատւութիւն Տրամադրելը

ՅՔԾ-ն Հերքած է Մարտ 1-ի Գործի Վերաբերեալ BBC-ին Տեղեկատւութիւն Տրամադրելը

by MassisPost

BBC-ի ռուսական ծառայութեան որեւէ տեղեկատւութիւն Յատուկ քննչական ծառայութենէն (ՅՔԾ) չէ տրամադրուած։ Այդ մասին «Ազատութեան» յայտնած են ՅՔԾ-էն:

«Աւելին, դեռեւս 2019 թուականի Յուլիսի 4-ին նրանք հարցում էին ուղարկել ՅՔԾ՝ Մարտի 1-ի գործով որոշ տեղեկութիւններ ճշդելու նպատակով, սակայն Յուլիսի 9-ին ՅՔԾ-ից նրանց պատասխանուել է, որ նրանց հարցերի վերաբերեալ որեւէ տեղեկատւութիւն չի կարող տրամադրուել՝ նախաքննութեան շահերից ելնելով», – աւելցուցած են Յատուկ քննչական ծառայութենէն:

Բրիտանական հեղինակաւոր լրատուամիջոցը, յիշեցնենք, Մարտ 1-ի գործի քննութեան վերաբերեալ երէկուայ հրապարակման մէջ պնդած էր, որ հետաքննութեան նիւթերուն ծանօթանալու բացառիկ հնարաւորութիւն ստացած է: Ըստ այդ փաստաթուղթերուն, մասնաւորապէս, քննութիւնը կը կարծէ, որ 2008 թուականի Մարտ 1-ին ցուցարարներու ուղղութեամբ կրակ բանալու գործողութիւնը ղեկավարած է Արցախի զօրավար Սամուէլ Կարապետեանը, որ յայտնի է Օգանովսկի մականուամբ, եւ որ գործի որպէս առանցքային դերակատարներ հանդէս կու գան նաեւ Հայաստանի նախկին նախագահներ Ռոպերթ Քոչարեանն ու Սերժ Սարգսեանը, ինչպէս նաեւ այդ օրերուն մեծ ազդեցութիւն ունեցող երկու պատգամաւոր-գործարարներ՝ ԲՀԿ առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանն ու ՀՀԿ խմբակցութեան նախկին անդամ Սամուէլ Ալեքսանեանը, հաղորդած էր BBC-ն:

Պէտք է Պարզել, թէ Ինչպէս Մարտ 1-ի Գործի Փաստաթուղթերը Յայտնուած են BBC-ի Մօտ
Աշխարհի մէջ չկայ երկիր մը, որ կրնայ ամբողջութեամբ բացառել  տեղեկատւութեան եւ  փաստաթուղթերու արտահոսքը: Այս մասին լրագրողներու հետ հարցազրոյցի ժամանակ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը ՝ մեկնաբանելով նախօրէին BBC-ի մէջ  հրապարակուած յօդուածը:

Վերահասցէաւորելով հարցն այն մասին, թէ ինչպէս նման կարեւոր գործի նիւթերը յայտնուած են լրատուամիջոցի տնօրինութեան տակ, Գրիգորեանը, այնուամենայնիւ արձանագրած է, որ անվտանգութեան տեսանկիւնէ ճիշդ կ’ըլլար, որ այդ տեղի չունենար:

Սակայն Գրիգորեանը կը կարծէ, որ տեղեկատւութեան արտահոսքի խնդրի հետ կը բախին նոյնիսկ այնպիսի հզօր պետութիւններ, ինչպիսիք են ԱՄՆ-ն եւ Wikileaks-ը անոր վառ օրինակն է:

Արմէն Գրիգորեանը վստահեցուցած է, որ աշխատանքներ կը տարուին արտահոսքի հնարաւորութիւնը նուազագոյնի հասցնելու ուղղութեամբ: Ի պատասխան ՅՔԾ-ի եւ ԱԱԾ-ի ղեկավարներու միջեւ գայթակղային հեռախօսազրոյցի ձայնագրութեան մասին յիշեցման՝ Արմէն Գրիգորեանը յայտարարած է, որ «աշխատանքը կատարուել է, մենք կարող ենք ասել, որ արդիւնք կայ»:

Ըստ անոր, դեռ շուտ է ենթադրութիւններ ընել այն մասին, թէ ինչպէս փաստաթուղթերը յայտնուած են լրատուամիջոցի մօտ, այդ պէտք է պարզէ քննութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment