Տնտեսական աշխոյժութեան ցուցանիշը այս տարուան Յունուար-Յունիս ամիսներուն 6,5 տոկոսով աճած է 2018-ի նոյն ժամանակահատուածի համեմատ:
Այս մասին կը փաստեն ՀՀ ազգային վիճակագրական կոմիտէի հրապարակած տուեալները:
Մասնաւորապէս, զգալիօրէն աճած է մատուցած ծառայութիւնները՝ 15,3 տոկոսով: Առեւտուրի շրջանառութեան մէջ աճը կազմած է 8,9 տոկոս, իսկ արդիւնաբերական արտադրանքի ծաւալը աւելցած է 6,9 տոկոսով:
2019-ի Յունուար-Փետրուարին շինարարութեան ծաւալը աւելացած է 4,7 տոկոսով: Սպառողական գիներու ընդհանուր ցուցակը աճած է 2 տոկոսով, իսկ գիւղատնտեսութեան համախառն արտադրանքի ծաւալը նուազած է 7,4 տոկոսով:
Ելեկտրական ուժանիւթի արտադրութեան ծաւալը նուազած է 5,5 տոկոսով:
Միջին ամսական անուանական աշխատավարձը Հայաստանի մէջ Յունուար-Յունիսին աճած է 5,6 տոկոսով՝ կազմելով 179 հազար 519 դրամ:
Արտաքին առեւտրաշրջանառութեան ծաւալներուն մէջ այս տարուան Յունուար-Յունիս ամիսներուն նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուծին համեմատ նկատուած է աճ՝ շուրջ 0,1 տոկոսով: Ընդ որում` արտահանման ծաւալներու նուազում նկատուած է, ներմուծման՝ աճ: Արտահանումը նուազած է 0,5 տոկոսով, իսկ ներմուծումը նոյնքան աճած է: