Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճան Քննադատած է Կապան–Հատրութ Ճանապարհի Կառուցման Մասին Հայաստանի Յայտարարութեան

Ատրպէյճան Քննադատած է Կապան–Հատրութ Ճանապարհի Կառուցման Մասին Հայաստանի Յայտարարութեան

by MassisPost

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է ՀՀ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի՝ Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղին կապող երրորդ ճանապարհի կառուցման մասին յայտարարութեան, պնդելով, որ այդպիսով «Երեւանը մտադիր է ամրապնդել սթաթուս-քոն, խաթարել հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը եւ բռնակցել Ատրպէյճանի գրաւեալ տարածքները»:

Վկայակոչելով ատրպէյճանական դիւանագիտական գերատեսչութեան ծաւալուն յայտարարութիւնը՝ «Թուրան» գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ պաշտօնական Պաքուն կոչ կ’ընէ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն «առանձնայատուկ ուշադրութիւն դարձնելու գրաւեալ տարածքներուն մէջ բանակցային գործընթացը լրջօրէն վնասող գործընթացին»:

«Հնարաւոր հետեւանքներու ողջ պատասխանատուութիւնը Հայաստանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան վրայ է», – նաեւ ըսուած է Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:

Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը օրերս «Ազատութեան» տուած բացառիկ հարցազրոյցի ժամանակ յայտարարած էր, որ «շուտով Հայաստանը եւ Արցախը միացնող 150-քիլոմեթրանոց ճանապարհ պիտի կառուցուի»: Խօսքը, մասնաւորապէս, Կապան-Հադրութ ճանապարհի մասին է:

Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի մամուլի խօսնակ Դաւիթ Բաբայեանի խօսքերով ճանապարհի հաշուարկները արդէն կան, հարցը քննարկուած է պաշտօնական Երեւանի և Ստեփանակերտի մակարդակով, եւ եթէ աշխատանքները մեկնարկէն 2020 թուականին, ապա ամենայն հաւանականութեամբ 2-3 տարուան ընթացքին նոր ճանապարհը պատրաստ կ’ըլլայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment