Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սահմանադրական Դատարանը Խարխափումի մէջ

Սահմանադրական Դատարանը Խարխափումի մէջ

by MassisPost

Հայաստանի քաղաքական հրապարակին վրայ կը շարունակեն այժմէական մնալ Սահմանադրական Դատարանի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը ու անկէ բխող զարգացումները:

Սահմանադրական Դատարանի անդամներու լիազօրութեան մասին նորընտիր դատաւոր Վահէ Գրիգորեանի կատարած յայտարարութիւններէն ետք, Դատարանի ճակատագրին շուրջ կ՛ընթանան բուռն քննարկումներ: Իշխանութեան կողմնակիցներու կարծիքով, գործող Դատարանը չի համապատասխաներ յեղափոխական Հայաստանի պահանջներուն, անոր նկատմամբ հասարակութեան մօտ կայ վստահութեան պակաս ու հրատապ կը նկատուի կազմի վերանորոգման անհրաժեշտութիւնը: Հակառակ կողմի կարծիքով Դատարանը կը շարունակէ մնալ օրինաւոր ու որեւէ ոտնձգութիւն անոր դէմ, կը նկատուի երկրի սահմանադրական կարգի տապալում: Իսկ ինչ կը վերաբերի բուն Դատարանին ու անոր նախագահ Հրայր Թովմասեանին, ապա ան իր վերջին քայլերով եկաւ աւելի եւս խորացնելու ճգնաժամը ու վարկաբեկելու այդ Մարմինի դիրքն ու հեղինակութիւնը:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ բաւական ատենէ լռութիւն կը պահէր ստեղծուած ճգնաժամի վերաբերեալ, «Ազատութիւն» ռատիոկայանին տրուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարարեց, որ ցնցուած է կարդալով դատաւոր Վահէ Գրիգորեանի բաց նամակը, միաժամանակ խոստովանելով որ 2017-ին կեդրոնացած ըլլալով Սերժ Սարգսեանի շուրջ ստեղծուող քաղաքական իրավիճակին վրայ, չեն նկատած Սահմանադրական Դատարանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումները, որոնց հետեւանքով Դատարանի հին անդամները պիտի շարունակեն մնալ ցկեանս, իսկ Դատարանի նախագահը մինչեւ 2035 թուականը, անիմաստ դարձնելով նոր Սահմանադրութեամբ նախատեսուած բարեփոխումները:

Փաշինեանի այս յայտարարութեան վերաբերեալ Հրայր Թովմասեանի կարծիքը հարցնող լրագրողներուն ան պատասխանեց որ, վարչապետի խօսքերուն չուզեր անդրադառնալ քանի որ անոնք կը կրեն քաղաքական բնոյթ, իսկ ինք միայն կը պատասխանէ իրաւական հարցերու:

24 ժամ ետք սակայն, Թովմասեան երկար հարցազրոյց տալով ընդդիմադիր լրատուամիջոցներէն մէկուն, փորձեց բացատրել թէ ամէն ինչ կարգին է եւ պէտք է դադրեցնել Սահմանադրական Դատարանի վրայ «ճնշումները»: Թովմասեան սակայն ոչ մէկ ձեւով անդրադարձաւ վարչապետի նշած յստակ կէտերուն:

Գալով Դատարանի վերջին շրջանի գործունէութեան եւ յատկապէս Քոչարեանի դատավարութեան շուրջ ընթացող զարգացումներուն, հոն եւս նկատելի է վճռակամութեան պակաս ու անորոշութիւն:

Սահմանադրական դատարանը նախ ընդունեց Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դիմումը՝ Քոչարեանի անձեռմխելիութեան հարցով: Ապա որոշեց ետ վերադարձնել զայն: Երբ Դատարանը դարձեալ դիմեց Սահմանադրական Դատարան, այս անգամ արդէն որոշուեցաւ քննել հարցը ու օր նշանակուեցաւ Օգոստոսի 20-ը: Շաբաթ մը ետք, Դատարանը դիմեց նոր հնարքի մը, յայտարարելով թէ, հարցի քննութիւնը կասեցուած է եւ խորհրդատուական կարծիք ստանալու նպատակով դիմուած է Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական դատարան եւ Վենետիկեան Յանձնաժողովին:

Այս հակասական քայլերը կու գան հաստատելու թէ, Սահմանադրական Դատարանը խարխափումի մէջ է եւ ի վիճակի չէ ներկայ իր կազմով վստահութիւն ներշնչող գործունէութիւն իրականացնել: Միւս կողմէ, իշխանութիւնը եւս առայժմ չունի այս անել վիճակէն դուրս գալու յստակ ծրագիր: Ամառնային արձակուրդներէն ետք այդ լուծումը կրնայ յայտնուիլ` սահմանադրական փոփոխութիւններու եւ կամ նոր սահմանադրութեան տեսքով:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment