Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հայաստանի Դեսպան Վարուժան Ներսէսեան Այցելեց ՍԴՀԿ-ի Գրասենեակ

Հայաստանի Դեսպան Վարուժան Ներսէսեան Այցելեց ՍԴՀԿ-ի Գրասենեակ

by MassisPost

Հինգշաբթի, Յուլիս 25-ին, Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան` Վարուժան Ներսէսեան, ընկերակցութեամբ Լոս Անճելըսի մէջ ՀՀ Աւագ Հիւպատոս Դոկտ. Արմէն Պայպուրթեանի, այցելեց ՍԴ Հնչակեան Կուսակցութեան Կլէնտէլի գրասենեակը, ուր ընդունուեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմինի անդամներուն եւ Կուսակցութեան հովանաւորութեան տակ գործող միութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ:

Վարիչ Մարմինի ատենապետ Գրիգոր Խոտանեան  ողջունեց դեսպան Ներսէսեանի անդրանիկ այցելութիւնը Լոս Անճելըսի հայութեան, յաջողութիւն մաղթեց իր առաքելութեան  ու վերահաստատեց Հնչակեան Կուսակցութեան զօրակցութիւնը հայրենի պետականութեան ու իշխանութիւններուն:

ACA-Ambassador Nersesyan

Դեսպան Ներսէսեան շնորհակալութիւն յայտնելով ամփոփ  գիծերու մէջ անդրադարձաւ Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւններու ներկայ զարգացումներուն ու այդ յարաբերութիւններու սերտացման գծով տարուող աշխատանքներուն:

Դեսպանը սպառիչ պատասխաներ ու բացատրութիւններ տուաւ իրեն ուղղուած շարք մը հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան, տարածաշրջանային զարգացումներուն,  Իրանի նկատմամբ պատժամիջոցներու Հայաստանի վրայ ազդեցութեան եւ Հայաստանին յատկացուող Ամերիկեան օժանդակութեան ծաւալներուն:

Հանդիպումի աւարտին կողմերը պայմանաւորուեցան  շարունակել  համագործակցութիւնը` Միացեալ Նահանգներէն ներս Հայաստանի դիրքերու ամրապնդման ու երկկողմ յարաբերութիւններու ամրապնդման ուղղութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment