Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թաւշեայ Յեղափոխութենէն Ետք Հայաստանը Պէտք է Դառնայ ԱՄՆ-ի Ռազմավարական Գործընկերը. Ֆրանք Փալլոն

Թաւշեայ Յեղափոխութենէն Ետք Հայաստանը Պէտք է Դառնայ ԱՄՆ-ի Ռազմավարական Գործընկերը. Ֆրանք Փալլոն

by MassisPost

Հայաստանի մէջ Թաւշեայ յեղափոխութիւնը հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու զարգացման նոր հնարաւորութիւններ բացած է, արդէն՝ ռազմավարական մակարդակով, «Ամերիկայի Ձայն»-ի հետ հարցազրոյցի ժամանակ յայտարարած է ԱՄՆ-ի Քոնկրեսի Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի համանախագահ քոնկրեսական Ֆրանք Փալլոնը: Քոնկրեսականը հեղինակած է հայ-ամերիկեան ռազմավարական համագործակցութեան մասին օրէնսդրական նախաձեռնութիւն, որ Ներկայացուցիչներու պալատի կողմէ հաւանութիւն ստանալու պարագային պիտի խրախուսէ Միացեալ Նահանգներու Պետական քարտուղարութեան՝ Հայաստանին որպէս ռազմավարական դաշնակից մօտենալ:

«Թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք Հայաստանը աւելի ժողովրդավար է, այնտեղ կ’իշխէ օրէնքի գերակայութիւնը, կը խրախուսուի ազատ շուկայի ձեւաւորումը: Ուստի, սա հնարաւորութիւն է մեր երկու երկիրներու միջեւ համագործակցութեան նոր հարթակ ստեղծելու համար, ոչ միայն ժողովրդավարական սկզբունքներու, այլեւ՝ տնտեսական առումով, առեւտուրի ոլորտներու մէջ»։

Համագործակցութեան մէկ այլ ոլորտ՝ Հայաստանի մէջ պառլամենտարիզմի խորհրդարանական դրութեան մշակոյթի ձեւաւորման Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնն է: Քոնկրեսական Փալլոնը, որ առաջին անգամ Հայաստան այցելած էր դեռ Սպիտակի աւերիչ երկրաշարժէն ետք՝ իր հետ բերելով այդ օրերուն անհրաժեշտ ամերիկեան օգնութիւն, իսկ վերջին անգամ Հայաստան էր Թաւշեայ յեղափոխութենէն ամիսներ առաջ՝ ԱՄՆ-ի Քոնկրէսի պատուիրակութեան կազմին մէջ, այժմ կը նշէ, որ Քոնկրէսի Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբը կը նախատեսէ հայ եւ ամերիկեան օրէնսդիրներու միջեւ 2019-ին այցերու փոխանակում կազմակերպել:

ժողովրդավարական արժէքներն ու օրէնքի գերակայութիւնը յարգող Հայաստանը Միացեալ Նահանգներու համար կարեւորագոյն գործընկեր է, կը նշէ Ֆրանք Փալփլունը: Քոնկրեսականի խօսքով, ժողովրդավարական արժէքներէն հայերուն չեն կրնար ետ պահել նոյնիսկ Հայաստանի տարածքին տեղակայուած Ռուսաստանի զօրքերը.

«Արեւմուտքի մէջ համոզմունք կայ, որ քանի որ Հայաստանի մէջ առկայ է ռուսական ռազմակայան եւ ռուսական զօրքեր, երկիրը միանշանակ Ռուսաստանի ուղեծիրի մէջ է: Ես անոր չեմ հաւատար եւ մենք՝ Քոնկրէսի մէջ Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի անդամները կը հասկնանք, որ Հայաստանը կախուած է Ռուսաստանէն՝ ինքնապաշտպանութեան համար Թուրքիոյ կողմէ հնարաւոր ներխուժման կամ Ատրպէյճանի հետ հնարաւոր պատերազմի պարագային»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment