ՀՀ պետական պիւտճէ հաշուեգրուած հարկային եկամուտները 2019-ի առաջին եռամսեակին նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին համեմատ աճած են մօտ 25%-ով։
ՀՀ Պետական եկամուտներու կոմիտէն հրապարակած է ընթացիկ տարուան Յունուար-Յունիսին պետական պիւտճէ հաշուեգրուած հարկային եկամուտներու եւ պետական տուրքի ծաւալները, որ այդ ժամանակահատուածի համար կազմած է 713,3 միլիառ ՀՀ դրամ՝ 2018-ի 572,9 միլիառ ՀՀ դրամի փոխարէն:
Առաջին եռամսեակին հաւաքագրուած հարկային եկամուտներու աճը պայմանաւորուած է հիմնական Աւելացուած արժէքի հարկի (ԱԱՀ), եկամտային հարկի եւ շահութահարկի գիծով հարկային եկամուտներու աճով։ Դիտարկուող ժամանակահատուածին մէջ Աւելացուած արժէքի հարկի (ԱԱՀ) գիծով եկամուտներն աճած են 19%-ով, եկամտային հարկի գիծով՝ 20%-ով, շահութահարկի գիծով եկամուտները՝ 16%-ով։
Ընթացիկ տարուան Յունիսին նախորդ տարուան Յունիսի նկատմամբ պետական պիւտճէ հաշուեգրուած հարկային եկամուտներու ծաւալը աճած է 17%-ով։
2019 թուականի առաջին կիսամեակին նախորդ տարուան առաջին կիսամեակի համեմատ նուազած են հարկերու, ընկերային վճարներու գծով հաշուեգրուած եկամուտները։