Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Իջեւանի Դէպքերու Գործով Մեղադրանք Առաջադրուած է 13 Անձի

Իջեւանի Դէպքերու Գործով Մեղադրանք Առաջադրուած է 13 Անձի

by MassisPost

Իջեւանի մէջ բողոքի ցոյցի ժամանակ տեղի ունեցած անկարգութիւններու, ոստիկանութեան աշխատակիցներու նկատմամբ կիրառուած բռնութեան եւ խուլիգանութեան գործով մեղադրանք առաջադրուած է 13 անձի։

10 անձ կալանաւորուած է, 2-ի նկատմամբ կիրառուած է այլընտրանքային խափանման միջոց գրաւ, մէկի նկատմամբ՝ ստորագրութիւն չհեռանալու մասին:

Այս մասին «Ազատութեան» փոխանցած է Քննչական կոմիտէի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի բաժնի պետ Նայիրա Յարութիւնեանը․ – «Մեղադրանք է առաջադրուել Քրէական օրէնսգրքի 258-րդ յօդուածի 4-րդ մասով եւ 258-րդ յօդուածի 3-րդ մասի առաջին կէտով, այն է՝ զէնք կան որպէս զէնք օգտագործուող առարկայի գործադրմամբ խուլիգանութիւնը, ինչպէս նաեւ խուլիգանութիւն, որը կատարուել է մի խումբ անձանց կողմից կամ կազմակերպուած խմբի կողմից: Ինչպէս նաեւ մեղադրանք առաջադրուել Քրէական օրէնսգրքի 316-րդ յօդուածի 1-ին մասի յատկանիշներով, այն է՝ իշխանութեան ներկայացուցչի նկատմամբ բռնութիւն գործադրելը»:

Յարութիւնեանը նշած է նաեւ, որ վարոյթը իրականացնող մարմինը եւս մէկ անձի ձերբակալման մասին որոշում կայացուցած է՝ յաւելելով, որ քրէական գործի շրջածիրէն ներս 11 անձ դեռ որոնման մէջ է:

Յուլիս 17-ին Իջեւանի մէջ քանի մը հարիւր քաղաքացիներ փակած էին Հայաստան – Վրաստան միջպետական մայրուղին՝ բողոքելով ապօրինի անտառահատումներու արգելքի դէմ: Բախումները սկսած էին, երբ ոստիկանները փորձած էին բանալ ճանապարհը:

Իջեւանի մէջ տեղի ունեցած բախման հետեւանքով վնասուածքներ ստացած տասնեակէ աւելի ոստիկաններ դիմած էին հիւանդանոց՝ բուժօգնութեան:

Իջեւան ժամանած էին Հայաստանի ոստիկանապետ Վալերի Օսիպեանը եւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արթուր Վանեցեանը։

Վերջինս յայտարարած է, թէ բողոքի ցոյցը ոչ թէ ժողովուրդի բողոքի ձայնն էր, այլ քանի մը անձանց կողմէ կազմակերպուած սադրանք էր։

Արդեօ՞ք այս յայտարարութենէն ետք վարոյթը իրականացնող մարմինը իրականացուցած է գործողութիւններ: Քննչական կոմիտէէն յայտնած են հետեւեալը․ – «Նախաքննական մարմինը իւրաքանչիւր դէպքով առաջ է քաշում բազմաթիւ վարկածներ եւ այդ վարկածները ստուգելու ուղղութեամբ կատարում է նախաքննութիւն: Այո, նախաքննական մարմինը այդ ուղղութեամբ եւս քննութիւն է կատարում, եւ քննութեան արդիւնքների մասին լրացուցիչ կը յայտնենք»:

Կալանաւորուած անձերէն մէկու՝ Վահրամ Սիմոնեանի մայրը կը պնդէ, թէ կալանաւորման որոշումն անօրինական է, իր որդին ցոյցի մասնակից չէ եղած․ – «Ինքը անտեղեակ: Գնացել ա շուկայ, առեւտուրի: Մեքենան խցանուել ա էնտեղ: Եղել են իմ ամուսինը, իմ երկու տղաները: Նայել են հասարակութեանը, թէ ինչ ա կատարւում այստեղ: Խցանման պատճառով չեն կարողացել արդէն տեղաշարժուել: Ստիպուած սպասել են»:

Վահրամ Սիմոնեանին առաջադրուած է իշխանութեան ներկայացուցիչի նկատմամբ բռնութիւն գործադրելու եւ խուլիգանութիւն կատարելու մեղադրանք: Անոր փաստաբան Արա Ղարագէօզեանը ըսած է, թէ իր պաշտպանեալը կալանաւորած են մէկ անձի ցուցմունքով․ – «Որեւէ ապացոյց, հիմք, խնդիր չկայ, որ իմ պաշտպանեալը ոստիկանի է հարուածել: Ո՞ւր ա այդ ոստիկանը։ Տուժող չկայ, ում որ հարուածել են: Ո՞նց կարելի է ինչ-որ անձ ասի, որ հարուածել է, բայց այդ գործով տուժողը չլինի: Սա պարզապէս անհեթեթութիւն է»:

Փաստաբանը ըսած է, որ ե՛ւ Սիմոնեանը, ե՛ւ անոր հայրն ու եղբայրը բերման ենթարկած են տունէն։ Եղբօրը եւս մեղադրանք առաջադրուած է, անոր նկատմամբ կիրառուած է ստորագրութիւն չհեռանալու մասին: Հայրը այս պահին կարգավիճակ չունի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment