Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետը Զօրամասէն Ներս Անձամբ Փորձած է Զինուորի Սնունդի Որակը

Վարչապետը Զօրամասէն Ներս Անձամբ Փորձած է Զինուորի Սնունդի Որակը

by MassisPost

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը այցելած է Արմաւիրի մարզի մէջ գտնուող ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամաս, ուր զինուորներուն հետ ճաշի ընթացքին անձամբ ստուգած է սնունդի որակը:

Այս մասին վարչապետը յայտնած է «Ֆէյսպուք»-ի իր պաշտօնական էջի ուղիղ եթերի ժամանակ:

«Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հիմա փորձարկում է պետական-մասնաւոր գործընկերութեամբ զօրամասերում նոր կարգով զինուորների սնունդն ապահովելու ծրագիրը: Եկել ենք տեղում տեսնելու, թէ ինչպէս է գործընթացն աշխատում, եւ ձեզ ներկայացնենք»,- ըսած է վարչապետը:

Սնունդը փորձելէ ետք վարչապետը նշած է, որ տարբերութիւնը ահռելի է:

«Որակի ահռելի տարբերութիւն կայ: Շատ բարձր որակի սնունդ է ապահովւում: Ե՛ւ տեսականին, ե՛ւ որակն աննկարագրելի բարձր մակարդակի են»,- նշած է Փաշինեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment