Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ Թրամփը չի Մտածեր Թուրքիոյ Դէմ Պատժամիջոցներ Կիրառելու Մասին

Թրամփը չի Մտածեր Թուրքիոյ Դէմ Պատժամիջոցներ Կիրառելու Մասին

by MassisPost

ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը յայտարարած է, որ այս պահին մտադիր չէ Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ կիրառել այն բանի համար, որ Թուրքիան գնած է ռուսական S-400 հրթիռային համակարգեր:

Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնբրես»–ը, յայտնած է գերմանական «Deutsche Welle» լրատուամիջոցը:

«Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ կիրառելու ուղղութեամբ չեմ մտածեր: Կը քննարկում ենք, իրավիճակը կը գնահատենք: Շատ դժուար իրավիճակ մը ստեղծուած է: Պէտք է տեսնենք՝ ինչպէս դուրս կու գանք այս վիճակէն»,- նշած է Թրամփը:

ԱՄՆ հանրապետական եւ դեմոկրատական կուսակցութիւններու ծերակուտականները կը շարունակեն նախագահ Տանըլտ Թրամփի վրայ ճնշում գործադրել Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ կիրառելու համար: Հանրապետական կուսակցութենէն ծերակուտական Ռիք Սքոթը եւ Թոտ Եանկը Սենա ներկայացուցած են պատժամիջոցներու նոր առաջարկ:

Առաջարկին մէջ նշուած է. «Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը երկրին մէջ հաստատած է մենատիրական ռեժիմ, ինչի հետեւանքով կ’ոտնահարուին մարդոց իրաւունքները: Ուստի, օրէնքներու շրջանակներէն ներս, Անգարայի դէմ պէտք է կիրառուին բոլոր անհրաժեշտ պատժամիջոցները»:

Իսկ դեմոկրատական կուսակցութենէն ծերակուտական Պոպ Մենենտէսը յայտնած է, որ միայն Ֆ-35 կործանիչներու ծրագիրէն Թուրքիան դուրս բերելը բաւարար պատժամիջոց  մը չէ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment