Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Դատաւոր Դաւիթ Գրիգորեանը կը Հաստատէ՝ ՅՔԾ-ն Առգրաւած է Իր Աշխատանքային Համակարգիչը

Դատաւոր Դաւիթ Գրիգորեանը կը Հաստատէ՝ ՅՔԾ-ն Առգրաւած է Իր Աշխատանքային Համակարգիչը

by MassisPost

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Դաւիթ Գրիգորեանը կը հաստատէ՝ Յատուկ քննչական ծառայութիւնը առգրաւած է իր աշխատանքային համակարգիչը: «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ Գրիգորեանը ձեռնպահ մնաց պնդումներէ, թէ իր նկատմամբ հնարաւոր է, որ հետապնդում կ’իրականացուի՝ սահմանադրական կարգի տապալման մէջ մեղադրուող Ռոպերդ Քոչարեանի գործի պատճառով:

Յատուկ քննչական ծառայութիւնը  խուզարկութիւն իրականացուցած էր Դաւիթ Գրիգորեանի աշխատասենեակին մէջ, աշխատասենեակը կնքուած է: ՅՔԾ-էն հաստատած են, որ խուզարկութիւն տեղի ունեցած է ծառայութեան մօտ քննուող գործի շրջանակէն ներս, թէ ինչ գործի՝ չեն մանրամասնած:

Ի դէպ, քաղաքացիներէն մէկը դեռ Մարտին հաղորդում ներկայացուցած էր առաջին ատեանի դատարանի դատաւոր Դաւիթ Գրիգորեանի դէմ՝ Յատուկ քննչական ծառայութիւն:

Յիշեցնենք, դատաւոր Դաւիթ Գրիգորեանը Մայիս 18-ին կայացուցած որոշմամբ կալանքէն ազատեց Հայաստանի երկրորդ նախագահը, իսկ գործի վարոյթն ալ կասեցուցած՝ այն ուղարկելով Սահմանադրական դատարան՝ Քոչարեանին մեղսագրուող սահմանադրական կարգի տապալման յօդուածի սահմանադրականութիւնը, նաեւ նախագահի անձեռնմխելիութեան հիմնարկի էութիւնը որոշելու համար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment