Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ 3 Միլիառ Դրամ Կիւմրիի Խնդիրներու Լուծման Համար

3 Միլիառ Դրամ Կիւմրիի Խնդիրներու Լուծման Համար

by MassisPost

Աղէտի Գօտիի Բնակարանային Խնդիրներու Լուծման Նպատակով Կառավարութիւնը 3 Միլիառ Դրամ Պիտի Յատկացնէ:

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ,տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն, որուն ընթացքին քննարկուած են 1988 թուականի երկրաշարժի հետեւանքներու վերացման ուղղութեամբ կառավարութեան ընելիքները:

Նիկոլ Փաշինեան յիշեցուցած է, որ նախորդ տարուան Դեկտեմբեր 7-ին Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցած կառավարութեան արտագնայ նիստին ընթացքին որոշուած էր ստեղծել աշխատանքային խումբ, որուն հիմնական գործառոյթը պէտք է ըլլար յստակեցնել երկրաշարժի գօտիին վրայ առկայ խնդիրներն ու ծաւալները:

«Գիտենք, որ ցաւօք այսօր դեռեւս բազմաթիւ մարդիկ ապրում են տնակներում եւ մենք խնդիր ենք դրել յստակ արձանագրել, թէ ինչպէ՞ս ենք պատկերացնում այդ խնդրի լուծումը եւ ճշդել հարցի գինը, այսինքն, թէ ի՞նչ ծաւալի ֆինանսաւորում է անհրաժեշտ դրա համար: Կայ նաեւ երկրորդ խնդիրը՝ վերացնել ոչ միայն աղէտի գօտին զուտ տնակ կամ բնակարան տրամաբանութեան մէջ, այլ հարցը դիտարկել քաղաքաշինական զարգացման հեռանկարի եւ տրամաբանութեան մէջ:

«Իսկ ընդհանուր առմամբ ուզում եմ ասել, որ մեզանում կարծես թէ այդքան էլ ընկալուած չէ, բայց քաղաքաշինութիւնն ունի շատ խորը բովանդակային նշանակութիւն, որովհետեւ իմ համոզմամբ, քաղաքաշինութիւնն այն կարեւոր կառուցակարգերից է, որ ի վերջոյ ստեղծում է հանրային մտածողութեան ձեւերը, մոտելները»,- նշած է Նիկոլ Փաշինեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment