Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Խուզարկուած է Քոչարեանը Կալանքէն Ազատ Արձակած Դատաւորի Աշխատասենեակը

Խուզարկուած է Քոչարեանը Կալանքէն Ազատ Արձակած Դատաւորի Աշխատասենեակը

by MassisPost

Յատուկ քննչական ծառայութիւնը խուզարկութիւն իրականացուցած է առաջին ատեանի դատաւոր Դաւիթ Գրիգորեանի աշխատասենեակին մէջ, աշխատասենեակը կնքուած է:

ՅՔԾ խօսնակ Մարինա Օհանջանեանը «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ հաստատած է, որ խուզարկութիւն տեղի ունեցած է ՅՔԾ-ի մօտ քննուող գործի շրջանակէն ներս:

Թէ ի՞նչ քրէական գործի մասին է խօսքը, Օհանջանեանը ըսած է, որ այս պահին չեն կրնար մանրամասնել։

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի դատարանի դատաւոր Դաւիթ Գրիգորեանի Մայիս 18-ին կայացուցած որոշմամբ կալանքէն ազատած էր Մարտ 1-ի գործով մեղադրեալ, նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը, իսկ գործի վարոյթն ալ կասեցնելով՝ ուղարկած էր այն Սահմանադրական դատարան՝ երկրորդ նախագահին մեղսագրուող սահմանադրական կարգի տապալման յօդուածի սահմանադրականութիւնը, նաեւ Սահմանադրութեամբ նախագահի անձեռնմխելիութեան հիմնարկի էութիւնը որոշելու համար։

Բարձրագոյն դատական խորհուրդի (ԲԴԽ) անդամ Գրիգոր Պեքմեզեանը «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ նշած է, որ երէկ մինչեւ դատաւորի աշխատասենեակի խուզարկումը Յատուկ քննչական ծառայութիւնը իրազեկած է ԲԴԽ-ին։ Յիշեցնենք, Բարձրագոյն դատական խորհուրդը անկախ մարմին է, որ կ’երաշխաւորէ դատարաններու եւ դատաւորներու անկախութիւնը:

«Ազատութիւն». – Դատաւոր Դաւիթ Գրիգորեանի աշխատասենեակի խուզարկութեան հետ կապուած հետապնդման տարրեր տեսնո՞ւմ էք, հաշուի առնելով, որ կան համացանցում այնպիսի գրառումներ, որ դա պատահական չէ՝ հաշուի առնելով, որ հենց նա է Քոչարեանի խափանման միջոցը փոխած դատաւորը։
Պեքմեզեան. – Ես կարող եմ միայն պաշտօնական տեղեկատւութիւնը ասել, որ մենք ունենք՝ մեզ յայտնել են դրա մասին մինչեւ խուզարկութիւնը՝ օրէնքով սահմանուած կարգով, ինչպէս նախատեսուած է։

«Ազատութիւն». – Այսինքն մինչեւ խուզարկութիւնը ձեզ տեղեա՞կ են պահել։
Պեքմեզեան. – Մեզ անպայման յայտնել են, այո, մեզ տեղեկացրել են։ Մենք տեղեակ ենք եղել, մենք հետեւում ենք դէպքերի ընթացքին, երբ որ խնդիր տեսնենք անմիջապէս կ’արձագանգենք, բայց դեռ որեւէ խնդիր չենք տեսնում, որովհետեւ օրէնքի ոչ մի խախտման փաստ չենք արձանագրել։

«Ազատութիւն». – Հնարաւո՞ր է միայն իրազեկել եւ խուզարկութիւն իրականացնել դատաւորի աշխատասենեակում։
Պեքմեզեան. – Օրէնքով այդպէս է։

«Ազատութիւն». – Իսկ ի՞նչ գործի շրջանակներում է այդ խուզարկութիւնը իրականացուել։
Պեքմեզեան. – Քանի որ նախաքննական գաղտնիք է, չեմ կարող բացել, բայց եթէ չեմ սխալւում, պարոն Գրիգորեանը արդէն դրա մասին ասել է, որ կարծես թէ մէկ ուրիշ գործով է, ոչ այն, որ դուք նշել էք, բայց դա իր ասածն եմ ասում։

«Ազատութիւն». – Դուք խօսե՞լ էք Դաւիթ Գրիգորեանի հետ։
Պեքմեզեան. – Ես անձամբ չեմ խօսել, ոչ։

«Ազատութիւն». – Այսինքն այս պահի դրութեամբ որեւէ խնդրայարոյց կամ ոչ օրինական գործողութիւն չէք արձանագրե՞լ։
Պեքմեզեան. – Չենք արձանագրել, բայց հետեւում ենք ընթացիկ դէպքերին, անպայման կ’արձանագրենք։ Ինքն էլ մեզ չի դիմել որեւէ նման հարցով, այս պահին զուտ իրաւական գործընթաց է տեղի ունենում, որին մենք միջամտելու իրաւունք չունենք։

«Ազատութիւն». – Կնքուա՞ծ է նրա աշխատասենեակը։
Բեքմեզեան. – Ես ինչքան գիտեմ, այո, վստահ չեմ։

«Ազատութիւն». – Իսկ նրա համակարգիչը առգրաւուե՞լ է։
Բեքմեզեան. – Չեմ կարող ասել ոչինչ դրա հետ կապուած։

Մինչդեռ Aysor.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ դատաւոր Դաւիթ Գրիգորեանը պատասխանելով հարցին, թէ իր կարծիքով այս խուզարկութիւնը եւ ընդհանրապէս, յարուցուած քրէական գործը որեւէ առնչութիւն կրնա՞յ ունենալ Ռոպերթ Քոչարեանի ու միւսներու գործով իր որոշման հետ, պատասխանած է . «Կարծում եմ՝ բոլորին էլ պարզ է»։

Դատաւորը միեւնոյն ժամանակ տեղեկացուցած է, որ քրէական գործը, որու շրջանակէն ներս կատարուած է խուզարկութիւնը, որեւէ կապ չունի Ռոպերթ Քոչարեանի վերաբերեալ քրէական գործի հետ։ «Դա մէկ այլ գործ է։ Կարող եմ ընդամէնը մէկ բան ասել, որ դա այլ գործ է, որը յարուցուել է պաշտօնէական կեղծիքի փաստի առթիւ», – ըսած է դատաւորը՝ շեշտելով, որ այս պահին գործով որեւէ կարգավիճակ չունի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment