Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Աւարտած է «Ոսկէ Ծիրան» Շարժապատկերի Տարեկան 16-րդ Փառատօնը

Աւարտած է «Ոսկէ Ծիրան» Շարժապատկերի Տարեկան 16-րդ Փառատօնը

by MassisPost

Եւ կրկին «Մոսկուա» շարժապատկերի փառատօն, Ազնաւուրի հրապարակ, կարմիր գորգ, երաժշտութիւն, ոգեւորուած աստղեր, հանդիսատես․ «Ոսկէ ծիրան» 16-րդ միջազգային շարժապատկերի փառատօնի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Բրիտանացի բեմադրիչ Ռիչարտ Պիլինկեմի լիամեթրաժ խաղարկային «Ռեյը եւ Լիզը» ֆիլմը «Ոսկէ ծիրան» երեւանեան 16-րդ միջազգային շարժապատկերի փառատօնի յաղթող ֆիլմը դարձաւ, եւ լիամեթրաժ միջազգային մրցոյթին արժանացաւ «Ոսկէ ծիրան» մրցանակի: Այս ֆիլմն ալ, որպէս յաղթող ֆիլմ, ցուցադրուեցաւ շարժապատկերի փառատօնի փակման հանդիսաւոր արարողութեան ժամանակ:

«Արծաթէ ծիրանը» նուաճեց ռուսաստանցի բեմադրիչ Քանթեմիր Պոլոկովի «Լողլողը» ֆիլմը:

Եւս մէկ բրիտանական ֆիլմ ալ արժանացաւ ժիւրիի յատուկ մրցանակի՝ Հասան Ֆազիլիի «Կեսգիշերային ճամբորդը» խորագրով ֆիլմը: Բրիտանական բեմադրիչներու մրցանակները յանձնուեցան բրիտանական խորհուրդի հայկական մասնաճիւղի տնօրէն Արեւիկ Սարիբեկեանին՝ յառաջիկային զանոնք հեղինակներուն փոխանցելու նպատակով:

golden apricot-3

Այս տարուան «Ոսկէ Ծիրան» միջազգային փառատօնին նաեւ երկու վրացական ֆիլմ մրցանակի արժանացաւ․ կարճամեթրաժ ֆիլմերու տարածաշրջանային մրցոյթին  «Արծաթէ Ծիրան» ստացաւ Ռաթի Ցիթելաձէի «Հասարակութեան գերին» ֆիլմը եւ FIPRESCI-ի՝ Շարժապատկերի քննադատներու եւ Շարժապատկերի լրագրողներու յատուկ մրցանակին ալ արժանացաւ Թինաթին Քաճրիշվիլիի «Հորիզոն» ֆիլմը:

Երկու մրցանակ ստացան երկու հայ բեմադրիչներու ֆիլմեր․ ՀՀ վարչապետի մրցանակը յանձնուեցաւ երիտասարդ բեմադրիչ Տաթեւ Յակոբեանին՝ «Թակարդը» ֆիլմի համար: Իսկ Կենատի Մելքոնեանի անուան յատուկ մրցանակը յանձնուեցաւ Լիլիթ Պետրոսեանին՝ «Բայինա» ֆիլմի համար:

Կարճամեթրաժ ֆիմերու տարածաշրջանային մրցոյթին «Ոսկէ Ծիրանի» արժանացաւ իրանցի բեմադրիչ Մարզիէ Ռիահէի «Վարորդական դասեր» ֆիլմը:

Եւ այսպէս, այս տարուան «Ոսկէ Ծիրանի» երկուքական մրցանակ նուաճեցին բրիտանացի, վրացի եւ հայ բեմադրիչները, մէկական՝ ռուս եւ իրանցի բեմադրիչները:

Շարժապատկերի փառատօնի փակման հանդիսաւոր աւարտը ազդարարեցին «Ոսկէ Ծիրանի» աւագ եւ երիտասարդ սերունդի ղեկավարներն ու աշխատակիցները՝ ձեռք-ձեռքի տուած Կրթութեան եւ գիտութեան, մշակոյթի, սփորթի նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի հետ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment