Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ուժանիւթի Ոլորտին Մէջ Մեծ Ներդրում. Արաբական «Մաստար» Ընկերութիւնը Պիտի Իրականացնէ Վերականգնուող Ուժանիւթի Ծրագիր

Ուժանիւթի Ոլորտին Մէջ Մեծ Ներդրում. Արաբական «Մաստար» Ընկերութիւնը Պիտի Իրականացնէ Վերականգնուող Ուժանիւթի Ծրագիր

by MassisPost

«Հայաստանի պետական հետաքրքրութիւններու ֆոնտի» եւ արաբական «Մաստար» ընկերութեան միջեւ կնքուած է վերականգնուող ուժանիւթի ոլորտին մէջ ներդրումներ իրականացնելու վերաբերեալ յուշագիր։ Կողմերու նախնական գնահատմամբ՝ ներդրումներու ծաւալը պիտի կազմէ 500 միլիոն տոլար։

«Ձեր երկիրը ունի մեծ ծաւալի միջոցներ, մասնաւորապէս, արեգակնային  ուժանիւթի մեծ պաշար, որ շատ մրցունակ է։ Որոշ տեղերու մէջ դուք ունիք նաեւ հողմային ուժանիւթի աղբիւր, որ նոյնպէս շատ մրցակցային եւ շատ դրական ուժանիւթի աղբիւր է։ Միեւնոյն ժամանակ մենք պէտք է չհերքենք այն փաստը, որ ձեր երկիրը ունի նաեւ ջրային ուժանիւթի աղբիւրներու կարողութիւններ։ Բայց մենք հիմնական պիտի կեդրոնանանք արեւային ինչպէս նաեւ հողմային ուժանիւթ արտադրելու վրայ», – ըսած է «Մաստարի» գործադիր տնօրէն Մուհամատ Ճամիլ Ալ Ռամահին։

«Հայաստանի պետական հետաքրքրութիւնների ֆոնտի» գործադիր տնօրէն Դաւիթ Փափազեանի խօսքով՝ «Մաստար» ընկերութեան եւ «Հայաստանի պետական հետաքրքրութիւններու ֆոնտի» միջեւ քննարկումները եղած են համագործակցութեան մաշտաբի շուրջ։ – «Մեր միտքը այն է եղել, որ «Մաստարը» լինելով այն մաշտաբի եւ թեխնիքական գիտելիքների, իրականացուած ծրագրերի ձեռնարկութիւն, մեր համար իտէալական գործընկեր է՝ այս ուղղութեամբ աշխատելու համար», – նշած է Փափազեանը։

Փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանը լրագրողներուն հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է, որ «Մաստար» ընկերութիւնը կը նախատեսէ Հայաստանի մէջ մօտ 500  Մէկա ուաթ  հզօրութեամբ ուժանիւթի կայաններ կառուցել։ Աւինեանի խօսքով՝ այդ ներդրումները Հայաստանի ուժանիւթային անվտանգութեան առումով շատ կարեւոր քայլ պիտի ըլլան։

«Մենք ունենք ՀՀ-ի արեւային քարտէզը եւ ըստ նպատակայարմարութեան եւ ըստ ծաւալների համապատասխան ծրագրերը կը նախապատրաստուեն՝ հիմնականում մրցակցային հենքով, որովհետեւ դաշտում այլ խաղացողներ եւս կան։ Մենք կը կարողանանք իրականացնել, ենթադրաբար մինչեւ 2036 թուականը [կը ստեղծենք] մօտաւորապէս 4000-4100 Մեկաուաթ հզօրութեամբ վերականգնուող ուժանիւթի կայաններ», – ըսած է փոխվարչապետը։

2006 թուականին ստեղծուած «Մաստար» ընկերութիւնը վերջին տասնամեակին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ ամբողջ աշխարհի մէջ առեւտրային կենսունակ լուծումներ կ’առաջարկէ մաքուր ուժանիւթի, կայուն քաղաքային զարգացման եւ մաքուր արհեստագիտութիւններու  ոլորտներուն մէջ՝  զբաղեցնելով առաջատար դիրք:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment