Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը հրամանագիր ստորագրած է Ռոպերթ Ճոզէֆ Տոուլը Պատուոյ շքանշանով պարգեւատրելու մասին:
«Արմէնբրես»-ին այս մասին յայտնած են ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
«Հիմք ընդունելով վարչապետի միջնորդութիւնը՝ համաձայն Սահմանադրութեան 136-րդ յօդուածի, ինչպէս նաեւ «Հայաստանի Հանրապետութեան պետական պարգեւներու եւ պատուաւոր կոչումներու մասին» օրէնքի 5.3-րդ յօդուածի 1-ին մասի. Հայ-ամերիկեան բարեկամական կապերու զարգացման եւ ամրապնդման գործին մէջ ներդրած աւանդի համար Ռոպերթ Ճոզէֆ Տոուլը (ԱՄՆ) պարգեւատրել Պատուոյ շքանշանով»,-ըսուած է ՀՀ նախագահի հրամանագրին մէջ։