Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վարչապետը կը Յորդորէ Ամենակոշտ Միջոցները Ձեռնարկել Կարգազանց Վարորդներու Նկատմամբ

Վարչապետը կը Յորդորէ Ամենակոշտ Միջոցները Ձեռնարկել Կարգազանց Վարորդներու Նկատմամբ

by MassisPost

Այս պահին Ոստիկանութենէն ներս օրէնք կը մշակուի, համաձայն որու՝ ճանապարհային երթեւեկութեան կանոնները պարբերաբար խախտող վարորդները պիտի զրկուին վարորդական իրաւունքներէն: Այդ մասին Կառավարութեան նիստի ժամանակ յայտնած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ անդրադառնալով վերջին օրերուն տեղի ունեցած ողբերգական վթարներուն, որոնք մեծ թիւով քաղաքացիներու կեանքեր խլեցին:

Վարչապետը դիմեց ոստիկանապետին՝ յորդորելով զօրացնել վերահսկողութիւնը, իսկ կարգազանց վարորդներու նկատմամբ ամենակոշտ միջոցները ձեռնարկել։

Ոստիկանութեան պետ Վալերի Օսիպեանը տուեալներ ներկայացուցած է՝ տեղեկացնելով, որ վերջին տարիներուն ճանապարհային պատահարներու թիւը կ’աճի, անոր զուգահեռ՝ կ’աճի նաեւ զոհերու թիւը: 2018 թուականին Ապրիլ 10-ի դրութեամբ գրանցուած է 1861 ճանապարհային պատահար, 150 զոհ, 2736 վիրաւոր, 2019-ի նոյն ժամանակահատուածին՝ 2203 ճանապարհային պատահար, 169 զոհ, 3212 վիրաւոր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment