Home ՄԱՐԶԱԿԱՆ Հենրիխ Մխիթարեանը «Արսէնալի» Հետ կը Ժամանէ Լոս Անճելոս

Հենրիխ Մխիթարեանը «Արսէնալի» Հետ կը Ժամանէ Լոս Անճելոս

by MassisPost

Լոնտոնի «Արսէնալը», որու կազմին մէջ հանդէս կու գայ Հայաստանի հաւաքականի աւագ Հենրիխ Մխիթարեանը, նախապատրաստուելով գալիք առաջնութեան, մրցաշրջագայութեամբ հանդէս պիտի գայ ԱՄՆ-ի մէջ:

Ինչպէս կը յայտնէ ֆութպոլային ակումբի պաշտօնական կայքը, Միացեալ Նահանգներ պիտի մեկնին 29 ֆութպոլիստ, այդ շարքին Հենրիխ Մխիթարեանը, որ, ինչպէս յայտնի է, վերջերս ամուսնացած է:

Ամերիկեան շրջագայութեան ընթացքին «Արսէնալը» պիտի ունենայ 3 ընկերական հանդիպում: Նախ, Յուլիս 17-ին  Լոս Անճելոսի մէջ, անոնք պիտի մրցին Գերմանիոյ ախոյեան Միւնխէնի «Պաւարիայի» հետ: Յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ իտալական «Ֆիորենթինան», որուն հետ խաղը պիտի կայանայ Չարլոթի մէջ, Յուլիս 20-ին: Մրցաշրջագայութիւնը «Արսէնալը» պիտի աւարտէ Յուլիս 23-ին, Ուաշինկթընի մէջ, Մատրիտի «Ռէալի» հետ հանդիպումով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment