Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հակառակ Համակարգուած Արշաւին

Հակառակ Համակարգուած Արշաւին

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ ֆինանսաւորուող Միջազգային Հանրապետական Հիմնարկը հրապարակած է իր հերթական հարցախոյզը՝ Հայաստանի քաղաքական, տնտեսական ու ընկերային իրավիճակին նուիրուած: Հարցախոյզին մասնակցած են Երեւանի ու շրջաններուն մէջ բնակող 1200 քաղաքացիներ՝ տարբեր տարիքի, սեռի եւ տարեկան եկամուտի: Ի տարբերութիւն Ամերիկայի մէջ տեղի ունեցող հարցախոյզերուն, որոնք կը կատարուին հեռաձայնի եւ կամ առցանց, ինթըրնէթի վրայ, այս հարցախոյզը իրականացուած է դէմ-դիմաց հարց ու պատասխանի միջոցաւ:

Հայաստանի մէջ, յատկապէս նախորդ կառավարութիւններուն օրօք, ժողովուրդը թերահաւատութեամբ կը մօտենար հրապարակուող հարցախոյզերուն, զանոնք նկատելով քաղաքական պատուէրով պատրաստուած: Անցեալին կար այլ հանգամանք մը եւս, որ կը խանգարէր ժողովուրդի մասնակցութիւնը նման հարցախոյզերու եւ անկեղծ պատասխանելու հարցերուն՝ երկրէն ներս տիրող վախի մթնոլորտին պատճառաւ:

Միջազգային Հանրապետական Հիմնարկը բաւականին հեղինակաւոր կազմակերպութիւն մըն է, որ ունենալով հանդերձ քաղաքականապէս պահպանողական ուղղուածութիւն, անոր կողմէ հրապարակուած արդիւնքները կասկած չեն յառաջացներ ու կ՛արտացոլացնեն Հայաստանի ժողովուրդի տրամադրութիւնները տուեալ պահուն:

Յուլիս 8-ին հրապարակուած հարցախոյզի արդիւնքները կը հաստատեն, որ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած կառավարութիւնը կը շարունակէ վայելել ժողովուրդի մօտ 70 տոկոսի վստահութիւնը, որոնք շատ դրական եւ կամ մասամբ դրական կը գնահատեն անոր գործուէութիւնը: Այս արդիւնքը 12 տոկոսով նուազ է անցեալ տարի հրապարակուած նոյնանման հարցախոյզին հետ բաղդատած: Միւս կողմէ, դժգոհներու տոկոսը 13-էն բարձրացած է 25 տոկոսի: Այս տոկոսները բնական են եւ յաջորդ ամիսներուն կրնան ենթարկուիլ նոր փոփոխութիւններու: Ժողովրդավարական երկիրներու հետ համեմատած այս թիւերը բաւական նպաստաւոր են կառավարութեան համար, մանաւանդ որ դժգոհներուն մէջ կան բաւական թիւով մարդիկ, որոնք կը խորհին որ, Փաշինեան շատ թոյլ կը գտնուի նախկին համակարգի ներկայացուցիչներուն հանդէպ ու կ°ակնկալեն, որ ան աւելի արմատական միջոցներու դիմէ, 20 տարի երկիրը թալանած եւ տակաւին իրենց կուտակած հարստութիւնը վայելողներուն նկատմամբ:

Հարցախոյզի այլ տուեալներէն ի յայտ կու գայ թէ, կառավարութեան նկատմամբ վստահութեան որոշակի անկումը չէ փոխանցուած նախկին իշխող Հանրապետական կուսակցութեան, որու ժողովրդականութիւնը կը շարունակէ մնալ 5 տոկոսի շուրջ, նոյնքան որ ան ստացած էր անցեալ Դեկտեմբերի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ժամանակ:
Հարցախոյզի տուեալները կու գան նաեւ հաստատելու, թէ Փաշինեանի ժողովրդականութեան կտրուկ անկումի եւ քաղաքացիներու յուսախաբութեան մասին ընդդիմադրութեան հիւսած առասպելները չեն համապատասխանէր իրականութեան:

Այսօր հայաստանի մէջ կը տիրէ անբնական իրավիճակ, երբ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու 80-90 տոկոսը կը գտնուի նախկին ռեժիմին յարող շրջանակներուն ձեռքը, որոնք բաւական համակարգուած ապատեղեկատուութիւն կը տարածեն, համոզելու համար ժողովուրդին, որ յեղափոխութենէն ետք ոչինչ չէ փոխուած երկրէն ներս եւ թէ, Փաշինեան չէ կատարած իր խոստումները:

Այս հարցախոյզը կու գայ անգամ մը եւս հաստատելու թէ, հակառակ կառավարութեան դէմ շղթայազերծուած լայն արշաւին, Հայաստանի ժողովուրդը շատ աւելի գիտակից է ու համբերատար, քան կը խորհին այդ շրջանակները:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment