Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Բնակչութիւնը Պիտի Շարունակէ Նուազիլ

Հայաստանի Բնակչութիւնը Պիտի Շարունակէ Նուազիլ

by MassisPost

Ներկայիս ՀՀ  բնակչութիւնը կը կազմէ 2 միլիոն  962 հազար 100 մարդ: Կանխատեսումներու համաձայն, մինչեւ 2025 թուականը Հայաստանի բնակչութիւնը պիտի աւելնայ 15.000-ով, այնուհետեւ շարունակաբար պիտի նուազի՝ հասնելով 2 միլիոն 816 հազարի, այսինքն` մօտ 150 հազարով բնակչութեան թուաքանակը պիտի նուազի։ Լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է  ՄԱԿ-ի Բնակչութեան հիմնադրամի հայաստանեան գրասենեակի «Բնակչութիւն եւ զարգացում» ծրագրի համակարգող Աննա Յովհաննիսեանը՝ ներկայացնելով «Աշխարհի բնակչութեան հեռանկարները» ուսումնասիրութեան արդիւնքները։

Հայաստանի մէջ ներկայիս ծնելիութեան գումարային գործակիցը 1,6 է, այսինքն մէկ կինը իր  ամբողջ վերարտադրողական  կեանքի ընթացքին կ’ունենայ 1,6 երեխայ։ Մինչեւ 2050 թուականը այն պիտի շարունակէ աճիլ՝ կազմելով 1,77 երեխայ։

Հայաստանի մէջ մայրանալու միջին տարիքը 25 տարեկանն է, կինը առաջին անգամ երեխայ կ’ունենայ 25 տարեկանին, սակայն, Ա. Յովհաննիսեանի խօսքով, ամբողջ աշխարհին համընթաց, Հայաստանի մէջ մայրանալու միջին տարիքը երթալով պիտի բարձրանայ՝ հասնելով մօտ  30 տարեկանի, ինչը  բաւականին բարձր թիւ է։

«Եթէ կինն իր վերարտադրողական տարիք ուշ է մտնում, իսկ կանանց մօտ վերատադրողական տարիքը սկսւում է 15 տարեկանից, աւարտւում 49 տարեկանով,  այնքան քիչ երեխաներ կը կարողանայ ունենալ»,-ըսած է ան։

Հայաստանի մէջ մօտակայ 30 տարուան ընթացքին նորածնային մահացութեան գործակիցը  շարունակաբար պիտի նուազի գրեթէ 2 անգամ, ինչը, անոր խօսքով, լուրջ նուաճում է, պիտի հասնին  գրեթէ  եւրոական միջին մակարդակին։

Եթէ ծնելիութեան գումարային գործակիցը կ’աճի, ապա ինչո՞ւ բնակչութեան թուաքանակը կը նուազի հարցին ի պատասխան Ա. Յովհաննիսեանը ըսած է, որ հիմնական պատճառը արտագաղթն է, որ կար անցեալ տարիներուն, պիտի շարունակէ մնալ հիմնական պատճառը։

ՄԱԿ-ի Բնակչութեան հիմնադրամի հայաստանեան գրասենեակի գործադիր ներկայացուցիչի պաշտօնակատար Ծովինար Յարութիւնեանը նշած է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը սերտ կը համագործակցի ՄԱԿ-ի Բնակչութեան հիմնադրամի հետ, վերջերս վարչապետի գլխաւորութեամբ ստեղծուած է ժողովրդագրական իրավիճակի բարելաւման ազգային կոմիտէ, քանի մը նիստ գումարուած է։

«Այս տուեալները ներկայացուելու են, վստահ եմ, որ կը քննարկուեն։ Այսօր խնդիրն ընդունւում է  ամենաբարձր մակարդակով որպէս ամենաառաջանային եւ լրջագոյն խնդիրներից մէկը, մշակւում են նոր քաղաքականութիւններ, ծրագրեր։ Կայ քաղաքական կամք, որպէսզի ֆինանսական միջոցներ դրուեն ժողովրդագրութեան իրավիճակի բարելաւման ծրագրերի իրականացման համար»,- ըսած է ան։

Ծ. Յարութիւնեանի խօսքով, պէտք է ստեղծել այնպիսի պայմաններ, որ մարդիկ աւելի շատ թիւով երեխաներ ունենան, աշխատատեղեր ստեղծուին,  բնակարանային պայմանները բարելաւեն, ընտանիքներուն այնպիսի աջակցութիւն ցուցաբերեն, որ կարեանան աշխատանքն ու ընտանիքը, կրթությունն ու ընտանիքը համատեղել, ճկուն աշխատաժամերով աշխատիլ։

«Այս աշխատանքների համախումբը բերելու են դրական փոփոխութիւնների»,- ըսած է ան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment