Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Սահմանադրական Դատարանը Որոշած է Քննել Քոչարեանին Մեղսագրուող 300.1 Յօդուածի Սահմանադրականութեան Հարցը

Սահմանադրական Դատարանը Որոշած է Քննել Քոչարեանին Մեղսագրուող 300.1 Յօդուածի Սահմանադրականութեան Հարցը

by MassisPost

Սահմանադրական դատարանը (ՍԴ) որոշում կայացուցած է քննութեան առնել Ռոպերթ Քոչարեանի գործը քննող Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի դատարանի դատաւոր Դաւիթ Գրիգորեանի դիմումը՝ սահմանադրական կարգը տապալելու յօդուածի սահմանադրականութեան հարցը որոշելու վերաբերեալ։

Սահմանադրական դատարանի նախագահ Հրայր Թովմասեանի որոշմամբ, գործի դատաքննութիւնը պիտի մեկնարկի 2019-ի Օգոստոս 20-ին, ժամը 10-ին։ Գործով զեկուցողներ նշանակուած են Սահմանադրական դատարանի դատաւորներ Ալվինա Կիւլումեանը, Արման Տիլանեանը, Ֆելիքս Թոխեանը, Արայիկ Թունեանը, Աշոտ Խաչատրեանը, Հրանդ Նազարեանը, Արեւիկ Պետրոսեանը:

Գործի դատաքննութիւնը պիտի կատարուի գրաւոր ընթացակարգով:

ՍԴ նախագահ Հրայր Թովմասեանի որոշմամբ, գործով որպէս պատասխանող կողմ ներգրաւուած է վիճարկուող օրէնսգիրքը ընդունած մարմինը` Ազգային ժողովը:

Հրայր Թովմասեանի մէկ այլ որոշմամբ, Սահմանադրական դատարանի դատաւոր Վահէ Գրիգորեանը չի կրնար մասնակցիլ Դաւիթ Գրիգորեանի դիմումի քննութեան, քանի որ ան մասնակցած է այս գործի քննութեան մէկ այլ դատարանի մէջ։

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի դատարանի դատաւոր Դաւիթ Գրիգորեանը Մայիս 20-ին կասեցուցած էր քրէական գործի վարոյթն ու այն ուղարկած Սահմանադրական դատարան։

Գրիգորեանը Բարձր դատարանէն խնդրած էր որոշել Քոչարեանին մեղսագրուող սահմանադրական կարգը տապալելու մասին յօդուածի սահմանադրականութիւնը եւ նախագահական հիմնարկի անձեռնմխելիութեան էութիւնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment