Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նոր Հարցախոյզի Համաձայն Հայաստանի Կառավարութիւնը Կը Շարունակէ Վայելել Բնակչութեան 70 Տոկոսի Վստահութիւնը

Նոր Հարցախոյզի Համաձայն Հայաստանի Կառավարութիւնը Կը Շարունակէ Վայելել Բնակչութեան 70 Տոկոսի Վստահութիւնը

by MassisPost

Միջազգային Հանրապետական Հիմնարկի հրապարակած նոր հարցախոյզի համաձայն, Հայաստանի կառավարութիւնը կը շարունակէ վայելել բնակչութեան մեծամասնութեան վստահութիւնը:

Հարցումներու համաձայն, բնակչութեան մեծամասնութիւնը լաւատես է նաեւ երկրի ապագայի նկատմամբ, հակառակ ժողովուրդի մօտ շարունակուող տնտեսական մտահոգութիւններուն:

Հարցերուն պատասխանածներուն աւելի քան 60 տոկոսը ցանկութիւն յայտնած է, որ կառավարութիւնը տնտեսական եւ քաղաքական բարեփոխումները իրականացնէ ոչ թէ աստիճանաբար, այլ արագ կերպով: 72 տոկոսը վստահութիւն յայտնած է վարչապետի նկատմամբ, 60 տոկոսի կարծիքով՝ երկիրը կ’ընթանայ ճիշդ ուղիով:

«Հակառակ որ այս վերջին ցուցանիշը անկում ապրած է 12 կէտով, ի համեմատ անցած տարուան Հոկտեմբեր ամսուն, այնուամենայնիւ, այս ցուցանիշը կառավարութեան նկատմամբ վստահութեան արտայայտման նշանակալի արտայայտութիւն է: Վստահութեան այս բարձր մակարդակի մէկ այլ վկայութիւն է հարցուածներու աջակցութիւնը բարեփոխումներու իրականացման. անոնց 59 տոկոսը կը կարծէ, որ կառավարութիւնը բաւականաչափ ջանքեր կը գործադրէ փտախտի եւ կաշառակերութեան դէմ պայքարին: Հակառակ լաւատեսութեան այս դրսեւորումներուն, կան նաեւ շարք մը հանրային մտահոգութիւններ», – ըսուած է կեդրոնի հաղորդագրութեան մէջ:

Կառավարութեան ամենամեծ ձախողումներու վերաբերեալ հարցին պատասխանելով, հարցախոյզի մասնակիցները առաւել յաճախ նշած են վատ կառավարումը (22 տոկոս):

Հարցախոյզը կատարուած է 2019-ի Մայիսի 6-31 ժամանակաշրջանի եւ մասնակցած են Հայաստանի 18 տարեկան եւ բարձր, ընտրելու իրաւունք ունեցող 1200 մշտական բնակիչներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment