Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Գոնկրէսական Սփիր Եւ Քիմ Քարտաշեան Միասին Պիտի Գործեն Յանուն Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման

Գոնկրէսական Սփիր Եւ Քիմ Քարտաշեան Միասին Պիտի Գործեն Յանուն Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման

by MassisPost

Պատկերասփիւռի ամերիկահայ աստղ Քիմ Քարտաշեան հարցազրոյց տուած է The Wall Street Journal-ին, ուր նաեւ ըսած է, թէ կը ցանկայ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը դարձնել իր առաքելութիւնը:

Քիմ, որ կը զբաղի Միացեալ Նահանգներու մէջ քրէական արդարադատութեան բարեփոխումներու հարցերով, ըսած է, որ ցանկայ ուշադրութիւնը կեդրոնացնել ցեղասպանութեան ու վերջերս հաղորդագրութիւն ուղարկած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի փեսային, Ճարետ Քուշներին, որ նաեւ նախագահին խորհրդականն է՝ խնդրելով քննարկել հարցը:

«Ես կը ցանկամ զայն դարձնել իմ առաքելութիւնը: Հայրիկս շատ պիտի հպարտանար», ըսած է ան, նկատի ունենալով ամերիկահայ իրաւաբան Ռապըրթ Քարտաշեանը:

WSJ-ը նաեւ յայտած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցով Քիմ Քարտաշեանին զանգահարած է Գոնկրէսական Ճեքի Սփիր, ակնկալելով այս հարցի շուրջ Քարտաշեան-Ուեսթի աջակցութիւնը: Եթէ դուն կարենաս հասնիլ հոն, որ նախագահը ճանչնայ ցեղասպանութիւնը, ատիկա պիտի ըլլայ բեկումնային, Գոնկրէսի մէջ ցեղասպանութեան բանաձեւերու ընդունման համար», ըսած է Սփիր Քարտաշեանին:

Կը նշուի, որ մօտ օրէն Քարտաշեան պիտի ըլլայ Սպիտակ տուն, քննարկելու քրէական արդարադատութեան հետ կապուած հարցերը եւ խոստացած է նաեւ անդրադառնալ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment