Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Զոդի Կամուրջին Վրայ Արկածի Հետեւանքով 6 Հոգի Զոհուած է, եւս 13-ը Վիրաւորուած

Զոդի Կամուրջին Վրայ Արկածի Հետեւանքով 6 Հոգի Զոհուած է, եւս 13-ը Վիրաւորուած

by MassisPost

Շաբաթ օր, Արարատի մարզէն ներս՝ Զոդի կամուրջին վրայ տեղի  ունեցած է ճանապարհային արկած. բախուած են երեք մեքենաներ,  խլելով 6 անձերու կեանքը: Կամուրջի վրայ իրար բախուած են «Toyota», «վազ-2106» եւ «Կազել» տեսակի  մեքենաները:

Վիրաւորները փոխադրուած են Հայաստանի տարբեր հիւանդանոցներ:

Քննչական կոմիտէի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնի պետ Նաիրա Յարութիւնեան Ֆէյսպուքի վրայ գրած է. – «Արարատի մարզում տեղի ունեցած վթարի հետեւանքով 10 անձ տեղափոխուել է հիւանդանոց: Դէպքի վայրի զննութեամբ այս պահին յայտնաբերուել է 6 այրուած դի: Դէպքի առթիւ Քննչական կոմիտէի Արարատի մարզային քննչական վարչութիւնում յարուցուել է քրէական գործ, ՀՀ քրէական օրէնսգրքի 242-րդ յօդուածի 3-րդ մասի յատկանիշներով: Կատարւում է նախաքննութիւն: Կը տրուի լրացուցիչ տեղեկատուութիւն»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment