Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նիկոլ Փաշինեան ԵՊՀ Վիետնամցի Շրջանաւարտներուն Հրաւիրած է Երեւան

Նիկոլ Փաշինեան ԵՊՀ Վիետնամցի Շրջանաւարտներուն Հրաւիրած է Երեւան

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ տիկին Աննա Յակոբեան այցելած են Վիետնամի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւն, ուր տեղի  ունեցած է ընդունելութիւն «Վիետնամ-Հայաստան Բարեկամութիւն» ընկերակցութեան անդամներու մասնակցութեամբ:

Ընկերակցութեան անդամներն են` խորհրդային տարիներուն Հայաստանի համալսարաններուն մէջ կրթութիւն ստացած անձինք: Անոնք ջերմօրէն ողջունած են վարչապետին եւ տիկնոջը` ընդգծելով, որ Հայաստանէն պահպանած են ջերմ յուշեր եւ մնայուն կապի մէջ են Հանոյի Հայաստանի դեսպանութեան հետ:

pashinyan-vietnam-students-yerevan-u-2

Վարչապետը նշել է, որ ուրախ է հեռաւոր Վիետնամի մէջ տեսնել Հայաստանի բազմաթիւ բարեկամների, որոնք իրենց ներդրումը ունին երկրի զարգացման գործին մէջ: «խորհրդային տարիներին Հայաստանի բուհերում ուսում է ստացել շուրջ 1000 վիետնամցի ուսանող եւ այսօր մենք այս երկրում ունենք ոչ թէ մէկ, այլ 1000 դեսպան»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեանը` աւելացնելով, որ Վիետնամի վարչապետի հետ հանդիպման ընթացքին քննարկած է նաեւ կրթութեան ոլորտէն ներս համագործակցութեան զարգացման, ուսանողներու փոխանակման ծրագիրներու իրականացման հնարաւորութիւնները: Կառավարութեան ղեկավարը յայտնած է, որ այս տարի կը լրանայ Երեւանի պետական համալսարանի 100-ամեակը եւ ԵՊՀ բոլոր վիետնամցի շրջանաւարտներուն աշնան կը հրաւիրէ Երեւան` մասնակցելու յոբելեանական միջոցառումներուն:

«Վիետնամ-Հայաստան Բարեկամութիւն» ընկերակցութեան անդամները ողջունած են վարչապետի նախաձեռնութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնած են հանդիպման համար: Ջերմ մթնոլորտի մէջ անցած ընդունելութեան ժամանակ անոնք կատարել են նաեւ հայկական երգեր:

Նիկոլ Փաշինեան Վիետնամի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռաիսա Վարդանեանի ընկերակցութեամբ շրջած է  դեսպանութիւնը` ծանօթանալով աշխատանքային պայմաններուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment