Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանը Ատրպէյճանի Գործողութիւններու Դէմ Պաշտօնական Բողոք Ներկայացուցած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին

Հայաստանը Ատրպէյճանի Գործողութիւններու Դէմ Պաշտօնական Բողոք Ներկայացուցած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին

by MassisPost

Հայաստանը Ատրպէյճանի գործողութիւններու դէմ պաշտօնական բողոք  ներկայացուցած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ: Այս մասին Յուլիս 3-ին մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտնած է Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի քարտուղար Աննա Նաղտալեանը:

Մամուլի քարտուղարը յայտնած է, որ հայկական կողմը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-էն հրաւէր ստացած էր որպէս դիտորդ մասնակցելու Պաքուի մէջ տեղի ունեցող ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային ժառանգութեան կոմիտէի 43-րդ նստաշրջանին: Հայկական կողմը դիմած էր ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին անվտանգութեան երաշխիքներու համար՝ հաշուի առնելով Ատրպէյճանի իշխանութիւններու կողմէ իրականացուող հակահայկական քարոզչութիւնը:

Միջոցառման նախաշեմին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գլխաւոր քարտուղարէն նամակ ստացուած է, որ կը յայտնէ, որ ատրպէյճանական կողմը հրաժարած է անվտանգութեան լրացուցիչ երաշխիքներ տրամադրելէ: Այդպիսով Ատրպէյճանը խոչընդոտած է հայկական պատուիրակութեան մասնակցութեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment