Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱԱԾ-ն Խոշոր Չափերով Թմրամիջոցներու Շրջանառութեան Դէպք Բացայայտած է

ԱԱԾ-ն Խոշոր Չափերով Թմրամիջոցներու Շրջանառութեան Դէպք Բացայայտած է

by MassisPost

Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) աշխատակիցները լայնածաւալ հետախուզական միջոցառումներու եւ համալիր քննչական գործողութիւններու արդիւնքով բացայայտած են առանձնապէս խոշոր չափերով թմրամիջոցներու շրջանառութեան դէպք:

Մասնաւորապէս, ԱԱԾ մամուլի կեդրոնի հաղորդագրութեան համաձայն, ծառայութեան աշխատակիցները տուեալներ ստանալով այն մասին, որ թմրամիջոցի ապօրինի շրջանառութեան մէջ ներգրաւուած անձինք Հայաստան մաքսանենգ ճանապարհով տեղափոխուած առանձնապէս խոշոր չափերով «մեթամֆեթամին» տեսակի թմրամիջոցը իրացնելու ուղիներ կը փնտռեն, «Վերահսկելի գնում» հետախուզական միջոցառման շրջանակներէն ներս կազմակերպած են թմրամիջոցի գնումը եւ բացայայտած անոր հետ առնչութիւն ունեցող անձանց:

ԱԱԾ աշխատակիցներու վերահսկողութեան ներքոյ, թմրամիջոցը իրացնող անձանց ներկայացուած է գնման համար նախատեսուած 50 հազար տոլար գումարը, եւ վերջիններս, համոզուած ըլլալով, որ գործարքը իրական է, 1 քիլոկրամ «մեթամֆեթամինը» տեղափոխած են նախանշուած վայր՝ գնորդին փոխանցելու համար, ինչէն անմիջապէս ետք բացայայտուած եւ բերման ենթարկուած են:

Առերեւոյթ յանցագործութեան դէպքի առթիւ ԱԱԾ քննչական բաժանմունքէն ներս յարուցուած է քրէական գործ՝ համապատասխան յօդուածներով: Մեղադրանք առաջադրուած է երկու անձի, վերջիններս կալանաւորուած են: Նախաքննութիւնը կը շարունակուի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment