Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ալիեւը Մեծ Յոյսեր կը Կապէ Թրամփի Հետ Ղարաբաղեան Խնդրի Կարգաւորման Հարցով

Ալիեւը Մեծ Յոյսեր կը Կապէ Թրամփի Հետ Ղարաբաղեան Խնդրի Կարգաւորման Հարցով

by MassisPost

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը Միացեալ Նահանգներու անկախութեան օրուան կապակցութեամբ այդ երկրի նախագահ Տանըլտ Թրամփին յղած նամակին մէջ յայտնած է, որ Ատրպէյճանը մեծ յոյսեր կը կապէ ԱՄՆ-ի՝ որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկրի հետ ղարաբաղեան կարգաւորման հարցի վերաբերեալ։

«Մենք մեծ յոյսեր կը կապենք ԱՄՆ-ի՝ որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիր եւ անձամբ Ձեզի հետ, պարոն նախագահ, ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ եւ արդար կարգաւորման հարցի առումով՝ միջազգային իրաւունքի նորմերու համապատասխան եւ մեր երկրի տարածքային ամբողջականութեան շրջանակէն ներս»,- ըսուած է շնորհաւորական ուղերձին մէջ։

Ալիեւը նշած է, որ շարք մը ոլորտներու մէջ ԱՄՆ-ի ու Ատրպէյճանի միջեւ համագործակցութիւնը կը կրէ «ռազմավարական գործընկերութեան բնոյթ», այդ ծիրէն ներս ան կը յիշատակէ «Հարաւային կազային

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment