Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Չեմ կարծեր, Որ Հայաստանի Մէջ Տեղի Ունենար Յեղափոխութիւն, Եթէ Բարեփոխումները Իրապէս Կատարուէին»- Ամերիկացի Փորձագէտ

«Չեմ կարծեր, Որ Հայաստանի Մէջ Տեղի Ունենար Յեղափոխութիւն, Եթէ Բարեփոխումները Իրապէս Կատարուէին»- Ամերիկացի Փորձագէտ

by MassisPost
Աննա Միրիամ Ռոքաթելլօ

Աննա Միրիամ Ռոքաթելլօ

Միջազգային կազմակերպութիւնները կրնան միայն առաջարկել անցումային արդարադատութեան միջոցներ: Այս մասին «Ամերիկայի Ձայն»-ի հետ զրոյցի ժամանակ նշած է Նիւ Եորքի մէջ գործող Անցումային արդարադատութեան միջազգային կեդրոնի ծրագիրներու տնօրէն Աննա Միրիամ Ռոքաթելլօն:

«Շատերը այն կը դիտարկեն անցեալին տեղի ունեցած կաշառակերութեան դէպքերու, հանրային միջոցներու չարաշահումներու, վիճելի սեփականաշնորհման եւ բռնագրաւումներու դէպքերու ծիրէն ներս, որոնք կ’անհանգստացնեն հայ հասարակութիւնը եւ կը կարծեմ այս հարցերը պէտք է հասցէագրուին»,-նշած է ան:

Միեւնոյն ժամանակ, միջոցներու ընտրութիւնը պէտք է որոշէ Հայաստանի հասարակութիւնն ու գործող իշխանութիւնները՝ լայն քաննարկման արդիւնքով, կը նշէ փորձագէտը: Միջազգային հանրութիւնը այս հարցի վերաբերեալ առաջարկողի դերի մէջ է. «Չեմ կարծեր, որեւէ միջազգային կառավարական, թէ հասարակական կազմակերպութիւն, ուղղակի աշխատավարձ պիտի վճարէ Հայաստանի պետական ծառայողներուն»:

Այնուամենայնիւ, Հայաստանին ամէն պարագայի անհրաժեշտ պիտի ըլլայ միջազգային կառոյցներու, առաջին հերթին՝ Եւրոմիութեան օգնութիւնը, յատկապէս, որ հայկական կողմը կը ցանկայ վերադարձնել երկրէն ապօրինի դուրս բերուած միջոցները, մանրամասնած է Կեդրոնի աւագ փորձագէտ Ռուբէն Կառռանզան, որ վերջերս անձամբ Հայաստան այցելած է անցումային արդարադատութեան գործընթացի մշակման աջակցելու նպատակով:

«Փտածութիւնը, այդ շարքին պետական միջոցներու չարաշահումը, հիմնական խնդիրն է, որ անցումային արդարադատութիւնը պէտք է արձագանգէ: Սա կրնայ կատարուիլ քանի մը միջոցով, այդ շարքին՝ դատաիրաւական համակարգի վեթինկի միջոցով: Նաեւ տարբերակ է անցեալ 10 տարիներուն կամ՝ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ի վեր տեղի ունեցած մարդու իրաւունքներու խախտումներու հետաքննութիւնը: Այս գործին մէջ առաջ կու գայ արդարութեան յանձնաժողովի ստեղծման հարցը, որ ոչ այնքան վճիռներ կը կայացնէ, որքան՝ կը դիտարկէ համակարգային խնդիրները»:

Անդրադառնալով դատական համակարգի աստիճանական փոփոխութիւններու կողմնակիցներուն, փորձագէտը յիշեցուցած է, որ Հայաստանի մէջ վերջին տասնամեակներուն դատաիրաւական համակարգի անցումային փոփոխութիւններու քանի մը փորձ եղած է, որոնք սակայն արդիւնք չեն տուած. «Թերեւս, հարցնենք Հայաստանի քաղաքացիներուն՝ ի՞նչ եղան այդ աստիճանական քայլերը, այդ դանդաղ, փաստաթուղթերու վրայ գեղեցիկ գրուած առաջարկներն ու բարեփոխումները, որոնք կոչուած էին վերջ դնելու կաշառակերութեան, մարդոց մօտ հաւատ ներշնչելու դատական իշխանութեան նկատմամբ: Չեմ կարծեր, որ Հայաստանի մէջ, յեղափոխութիւն տեղի ունենար, եթէ այդ քայլ առ քայլ բարեփոխումները իրականութեան մէջ գործէին:

Փորձագետները նշած են, որ անցումային արդարադատութիւնը բնորոշ է ոչ միայն ծանրագոյն փորձութիւններու եւ պատերազմէ անցած պետութիւններու համար այլեւ՝ կ’իրականացուի, երբ երկրին մէջ կտրուկ փոփոխութիւն տեղի ունեցած է եւ հասարակութիւնը այլեւս չի ցանկար տասնամեակներ սպասել խոստացուած փոփոխութիւններուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment