Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սահմանադրական Դատարանը Տագնապի Առջեւ

Սահմանադրական Դատարանը Տագնապի Առջեւ

by MassisPost

Նախկին իշխող ուժի վերջին «ամրոցը» նկատուող Հայաստանի Սահմանադրական Դատարանը կը գտնուի տագնապի առջեւ: Դատարանի նորընտիր անդամ՝ Վահէ Գրիգորեան Յունիս 20-ին Ազգային Ժողովէն ներս իր երդումը կատարելէ ետք անակնկալի բերաւ բոլորին՝ յայտարարելով որ Սահմանադրական Դատարան կ՛երթայ ստանձնելու այդ մարմին նախագահութիւնը: Գրիգորեան բացատրելով իր այս մօտեցումը առարկեց որ, հին Սահմանադրութեամբ ընտրուածները կը նկատուին անդամներ, իսկ 2015 թուականին ընդունուած նոր Սահմանադրութեամբ Դատարանը բաղկացած պէտք է ըլլայ դատաւորներէ եւ միայն դատաւորները իրաւունք ունին որոշումներ կայացնելու եւ քանի որ Սահմանադրական Դատարանի 9 անդամներէն երկուքը միայն ընտրուած են նոր Սահմանադրութեան ընդունումէն ետք ու անոնցմէ մին արձակուրդի մէջ է՝ ինք կը նկատուի Սահմանադրական Դատարանի նախագահ: Այսօրուայ դրութեամբ Դատարանի նախագահութիւնը կը վարէ Հանրապետական իշխանութիւններու կարկառուն դէմքերէն եւ 2015 թուականին ընդունուած Սահմանադրութեան գլխաւոր հեղինակ՝ Հրայր Թովմասեան:

Այժմ բնականաբար կ՛ընթանան հրապարակային վէճեր ու կը հնչեն տարբեր մեկնաբանութիւններ սահմանագէտներու ու իրաւագէտներու միջեւ: Սահմանադրական դրոյթներու շուրջ տարբեր մեկնաբանութիւնները նորութիւն չեն եւ յաճախ կը պատահին տարբեր երկիրներու մէջ, յատկապէս հոն ուր, Սահմանադրութիւնը կ՛ենթարկուի յաճախակի փոփոխութիւններու, ինչպէս եղած է Հայաստանի պարագային:

2015 թուականին Սերժ Սարգսեան նախաձեռնեց նոր Սահմանադրութեան պատրաստութեան, որպէսզի կարողանայ շարունակել ղեկավարել երկիրը իր երկրորդ շրջանի աւարտէն ետք, այս անգամ որպէս վարչապետ: Սակայն, «տան հաշիւը, շուկայի հաշիւին չբռնեց» ու բոլոր այդ ծրագիրները տապալեցան, 2018 թուականի Ապրիլ-Մայիս ամիսներուն տեղի ունեցած ժողովրդային յեղափոխութեան շնորհիւ: Հրայր Թովմասեան նոր սահմանադրութիւնը պատրաստելու պահուն չէր մոռցած ապահովագրել նաեւ իր պաշտօնը, ամրագրելով որ Սահմանադրական դատարանի անդամները կը շարունակեն մնալ իրենց պաշտօններուն վրայ: Սակայն, ներկայիս հին ու նոր սահմանադրութիւններուն միջեւ ի յայտ կու գան որոշ հակասութիւններ, որոնք ալ պատճառ կը դառնան այսօրուայ տագնապին:

Այս բոլորի մասին առայժմ լուռ են նախագահ Արմէն Սարգսեանը, որ կը նկատուի Սահմանադրութեան կատարման երաշխաւորը եւ գործադիր իշխանութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանը, որոնք հաւանաբար տակաւին կ՛ուսումնասիրեն ստեղծուած նոր իրավիճակը ու նաեւ կը սպասեն Եւրոպական կարեւորգոյն կառոյցներէն՝ Վենետիկի Յանձնաժողովի կարծիքը, որ կը սպասուի մօտակայ օրերուն:

Նախկին իշխանութիւններու կամայական գործելաոճը բազմաթիւ հարցեր կը ստեղծեն նոր իշխանութիւններուն համար, անոնցմէ մէկն ալ, ընդհանրապէս դատական համակարգի եւ մասնաւորապէս Սահմանադրական Դատարանի դիմագրաւած տագնապն է, որու լաւագոյն լուծումը նախկին դատաւորներու հրաժարականն է:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment