Պատերազմը Հայաստանի հետ աւարտած չէ, ատոր համար ալ Ատրպէյճանը պիտի շարունակէ աւելցնել ռազմական հզօրութիւնը, ըսած է երկրի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, կը տեղեկացնէ Ինթըրֆաքս-Ատրպէյճանը։
«Մենք կ’ապրինք պատերազմի պայմաններու մէջ։ Այն դեռ չէ աւարտած, եւ մենք ամէն ակնթարթ պէտք է պատրաստ ըլլանք «գրաւումէն ազատել հայրենի հողերը»։ Համոզուած եմ, որ այդ օրը պիտի գայ, եւ Ատրպէյճանը պիտի վերականգնէ իր տարածքային ամբողջականութիւնը»,- ըսած է Ալիեւը ռազմական ուսումնարանի աւարտականներուն եւ դասախօսական կազմին հետ հանդիպման ժամանակ։