Թուրքիոյ մէջ կը շրջանառուին տեղեկութիւններ այն մասին, որ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի գլխաւորած իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան» շարք մը ներկայ ու նախկին անդամներ կը նախաձեռնեն ստեղծել նոր կուսակցութիւն:
«Էրմէնիհապեր»ի փոխանցմամբ, այդպիսով պնդումներ կան, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան 11-րդ նախագահ Ապտալլա Կիւլը կը ցանկայ նոր ստեղծուելիք կուսակցութեան հիմնադիր կազմին մէջ ներառել աշխարհահռչակ հայ տնտեսագէտ Տարօն Աճեմօղլուն: Վերջինս կը բնակի ԱՄՆ-ի մէջ:
Կը նշուի, որ կուսակցութիւնը պիտի ղեկավարէ Թուրքիոյ նախկին արտաքին գործոց նախարար Ալի Պապաճանը:
Աղբիւրի փոխանցմամբ` Պապաճանի ղեկավարութեամբ իրականացուող գործընթացներուն մէջ բացի Կիւլէն կան նաեւ արդարադատութեան նախկին նախարար Սատուլլահ Էրկինը, ներքին գործոց նախկին նախարար Պեշիր Աթալայը եւ լրագրող Ֆեհմի Քորուն:
Թրքական աղբիւրը հետեւեալ կերպ անդրադարձած է Տարօն Աճեմօղլուի հանգամանքին.
«Այն ժամանակ, երբ Կիւլը նախագահ էր, Աճեմօղլուն «Մշակոյթի եւ արուեստի» մետալով պարգեւատրած էր: Կիւլը կը ցանկայ, որ Աճեմօղլուն զբաղի նոր կուսակցութեան «տնտեսական» հարցերով: Աճեմօղլուն աշխարհի մէջ ամէնէն շատ մէջբերուող առաջին 10 տնտեսագէտներէն մէկն է: Ան կը դասախօսէ ԱՄՆ-ի Մասաչուսեթս նահանգի Արհեստագիտական հիմնարկին մէջ: Հայ ընտանիքի զաւակ Աճեմօղլուն Թուրկութ Օզալի նախագահութեան ժամանակ ամուսնացած էր պետական նախարար Իսմայիլ Օզտաղլարի աղջկան հետ»:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ 11-րդ նախագահ Կիւլը եւ նախկին վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուն, որոնք եղած են իշխող AKP-ի հիմնադրման ակունքներուն, աւելի վաղ յայտնած էին նոր կուսակցութեան ստեղծման մասին: