Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Տնտեսութիւնը կը Շարունակէ Արձանագրել Բարձր Աշխոյժութեան Ցուցանիշ. Փաշինեան

Հայաստանի Տնտեսութիւնը կը Շարունակէ Արձանագրել Բարձր Աշխոյժութեան Ցուցանիշ. Փաշինեան

by MassisPost

Հայաստանը կը շարունակէ գտնուիլ տնտեսական բաւականին բարձր աշխոյժութեան ցուցանիշի  վրայ, Կառավարութեան նիստի մեկնարկին յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

Վարչապետը արձանագրած է՝ Հայաստանը արտահանման հետ կապուած խնդիրները յաղթահարած է եւ Հայաստանի տնտեսական համակարգը ընկալեր եւ մարսեր է տնտեսական յեղափոխութեան վերաբերեալ Կառավարութեան պատգամները։

«Այս տարուայ Մայիսին արձանագրուել է 7,3 տոկոս տնտեսական աշխոյժութեան ցուցանիշ։ Ուզում եմ արձանագրել, որ այս տարուայ Մայիսին նախորդ տարուայ Մայիսի նկատմամբ ունեցել ենք արտահանման 15 տոկոսանոց աճ, իսկ Յունուար-Մայիսին նախորդ տարուայ Յունուար Մայիսի նկատմամբ ունեցել ենք 0,1 տոկոսանոց աճ, ինչը նշանակում է, որ մենք այս տարի արտահանման հետ կապուած խնդիրները յաղթահարել ենք։ Վերլուծութիւնները ցոյց են տալիս, որ տարուայ արդիւնքներով մենք կ’ունենանք արտահանման բաւականին շօշափելի աճ», – ըսած է Փաշինեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment