Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կառավարութիւնը Ընդունած է Նուազագոյն Աշխատավարձը 55 Հազար Դրամէն 68 Հազար Դարձնելու Նախագիծը

Կառավարութիւնը Ընդունած է Նուազագոյն Աշխատավարձը 55 Հազար Դրամէն 68 Հազար Դարձնելու Նախագիծը

by MassisPost

Կառավարութիւնը իր Յունիս 27-ի նիստին որոշած է հաւանութիւն տալ «Նուազագոյն ամսական աշխատավարձի մասին» ՀՀ օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի նախագիծին:

Զեկուցող Գեմաֆին Գասպարեան ներկայացուցած է  ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւորներ Վարազդատ Կարապետեանի եւ Բաբկէն Թունեանի ներկայացուցած նախագիծը, որով կ’առաջարկուի նուազագոյն աշխատավարձի չափը սահմանել 55 հազար դրամի փոխարէն 63 հազար, երբ կառավարութիւնը կ’առաջարկէ՝ ան ըլլայ 68 հազար դրամ:

Գասպարեան ներկայացուցած է հաշուարկի հիմքերը, ուր կարեւոր նկատուած է նուազագոյն սպառողական զամբիւղը. «Ուղիղ պիտի փոխենք 45 հազար մասնաւոր եւ 35 հազար պետական ոլորտի մէջ աշխատողներու աշխատավարձի չափը, որոնք կը ստանան նուազագոյն աշխատավարձ»,-ըսած է ան եւ նշած, որ անոնց աշխատավարձը շուրջ 23-24 տոկոսով պիտի աւելնայ:

Վարչապետը նշած է, որ սողանցքները բաւականին մեծ են յատկապէս մասնաւոր ոլորտին մէջ։ «Պետական կառավարման համակարգին մէջ այն յստակ կը բարձրանայ, իսկ մասնաւոր ոլորտին մէջ պէտք է իսկապէս կարգաւորումները այնպէս ընել, որ իրականութեան մէջ բարձրանայ այդ աշխատավարձը», – ըսած է Փաշինեանը։

Կառավարութիւնը նախագիծը պիտի ուղարկէ Ազգային ժողով՝ հաստատման։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment