Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թրքական Իշխանութիւնները Ստիպած են Յետաձգել Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքական Տեղապահի Ընտրութիւնները

Թրքական Իշխանութիւնները Ստիպած են Յետաձգել Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքական Տեղապահի Ընտրութիւնները

by MassisPost

Պոլսոյ նահանգապետարանը գրութիւն ուղարկած է Պոլսոյ հայոց պատրիարքարան՝ պահանջելով յետաձգել տեղապահի ընտրութիւնները մինչեւ Յուլիս 4–ը։

Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանի հրապարակած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Պոլսոյ նահանգապետարանի գրութեան մէջ յետաձգման պատճառ նշուած է նահանգապետարանին մէջ համակարգման հետ կապուած աշխատանքները։

Նշենք, որ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը ժողով ըրած էր եւ որոշած կայացնել պատրիարքական տեղապահի ընտրութիւններ եւ գրութիւն ուղարկած Պոլսոյ նահանգապետարան եւ Ներքին գործոց նախարարութիւն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment