Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ապտալլա Կիւլը Կ’ուզէ Հայ Տնտեսագէտ Աճեմօղլուն Ընդգրկել Նոր Կուսակցութեան Հիմնադիր Կազմին մէջ

Ապտալլա Կիւլը Կ’ուզէ Հայ Տնտեսագէտ Աճեմօղլուն Ընդգրկել Նոր Կուսակցութեան Հիմնադիր Կազմին մէջ

by MassisPost

Թուրքիոյ մէջ կը  շրջանառուին տեղեկութիւններ այն մասին, որ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի գլխաւորած իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան» շարք մը ներկայ ու նախկին անդամներ կը նախաձեռնեն ստեղծել նոր կուսակցութիւն:

«Էրմէնիհապեր»ի փոխանցմամբ, այդպիսով պնդումներ կան, որ Թուրքիոյ Հանրապետութեան 11-րդ նախագահ Ապտալլա Կիւլը կը ցանկայ նոր ստեղծուելիք կուսակցութեան հիմնադիր կազմին մէջ ներառել աշխարհահռչակ հայ տնտեսագէտ Տարօն Աճեմօղլուն: Վերջինս կը բնակի ԱՄՆ-ի մէջ:

Կը նշուի, որ կուսակցութիւնը պիտի ղեկավարէ Թուրքիոյ նախկին արտաքին գործոց նախարար Ալի Պապաճանը:

Աղբիւրի փոխանցմամբ` Պապաճանի ղեկավարութեամբ իրականացուող գործընթացներուն մէջ  բացի Կիւլէն կան նաեւ արդարադատութեան նախկին նախարար Սատուլլահ Էրկինը, ներքին գործոց նախկին նախարար Պեշիր Աթալայը եւ լրագրող Ֆեհմի Քորուն:

Թրքական աղբիւրը հետեւեալ կերպ անդրադարձած է Տարօն Աճեմօղլուի հանգամանքին.

«Այն ժամանակ, երբ Կիւլը նախագահ էր, Աճեմօղլուն «Մշակոյթի եւ արուեստի» մետալով պարգեւատրած էր: Կիւլը կը ցանկայ, որ Աճեմօղլուն զբաղի նոր կուսակցութեան «տնտեսական» հարցերով: Աճեմօղլուն աշխարհի մէջ ամէնէն շատ մէջբերուող առաջին 10 տնտեսագէտներէն մէկն է: Ան կը դասախօսէ ԱՄՆ-ի Մասաչուսեթս նահանգի Արհեստագիտական հիմնարկին մէջ: Հայ ընտանիքի զաւակ Աճեմօղլուն Թուրկութ Օզալի նախագահութեան ժամանակ ամուսնացած էր պետական նախարար Իսմայիլ Օզտաղլարի աղջկան հետ»:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ 11-րդ նախագահ Կիւլը եւ նախկին վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուն, որոնք եղած են իշխող AKP-ի հիմնադրման ակունքներուն, աւելի վաղ յայտնած էին նոր կուսակցութեան ստեղծման մասին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment