Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պատերազմը Հայաստանի Հետ Չէ Աւարտած. Ալիեւ

Պատերազմը Հայաստանի Հետ Չէ Աւարտած. Ալիեւ

by MassisPost

Պատերազմը Հայաստանի հետ աւարտած չէ, ատոր համար ալ Ատրպէյճանը պիտի շարունակէ աւելցնել ռազմական հզօրութիւնը, ըսած է երկրի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, կը տեղեկացնէ Ինթըրֆաքս-Ատրպէյճանը։

«Մենք կ’ապրինք պատերազմի պայմաններու մէջ։ Այն դեռ չէ աւարտած, եւ մենք ամէն ակնթարթ պէտք է պատրաստ ըլլանք «գրաւումէն ազատել հայրենի հողերը»։ Համոզուած եմ, որ այդ օրը պիտի գայ, եւ Ատրպէյճանը պիտի վերականգնէ իր տարածքային ամբողջականութիւնը»,- ըսած է Ալիեւը ռազմական  ուսումնարանի   աւարտականներուն եւ դասախօսական կազմին հետ հանդիպման ժամանակ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment