«Հայաստանի Հանրապետութիւն» օրաթերթը կը գրէ. «Յունիս 27-ին Պոլսոյ հայոց պատրիարքական տեղապահի ընտրութիւնն է: Որքանո՞վ այն ազատ պիտի ըլլայ թրքական իշխանութիւններու միջամտութենէն:
Թրքագէտ Ռուբէն Մելքոնեանի խօսքերով, ըստ Լոզանի պայմանագրի, ոչ իսլամ փոքրամասնութիւնները իրաւունք ունին կազմակերպելու իրենց կրօնական առաջնորդի ընտրութիւնը: Այդ, ըստ էութեան, ներքին ինքնաւարութեան խնդիր է: Եւ թրքական իշխանութիւնները չեն կրնար միջամտել այդ ամէնուն: Բայց իրաւական անորոշութիւն առկայ է: Հարցն այն է, որ մէկ կողմէն թրքական իշխանութիւնները իրաւունք չունին մասնակցելու պատրիարքի ընտրութեան բուն գործընթացին, միւս կողմէ՝ անոնք չեն կրնար մասնակցութիւն չունենալ ընտրական գործընթացին, քանի որ անվտանգութեան տեսանկիւնէ պատասխանատու է Ներքին գործոց նախարարութիւնը եւ այլն:
Ըստ Ռ. Մելքոնեանի, «Թուրքիոյ իշխանութիւնները նախ կ’ուզենան, որ լինի իրենց համար լիովին ընդունելի մարդ, եթէ չլինի էլ՝ ընտրութիւնից յետոյ նրան կը ներկայացնեն պայմաններ, որոնց համապատասխան պէտք է աշխատի: Չեմ կարծում, որ որեւէ մէկը կարողանայ էականօրէն շեղուել այդ պայմաններից»,- ըսած է ան»: