Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀՀ Պատգամաւորները ԵԽԽՎ-ի Մէջ Հակադարձած են Ատրպէյճանական Կեղծ Տեղեկութիւններուն

ՀՀ Պատգամաւորները ԵԽԽՎ-ի Մէջ Հակադարձած են Ատրպէյճանական Կեղծ Տեղեկութիւններուն

by MassisPost

ԵԽԽՎ-ի մէջ Հայաստանի պատուիրակութեան անդամները՝ վեհաժողովի ամառնային նստաշրջանին զուգահեռ ընթացող յարակից ձեռնարկներուն ընթացքին՝ հակադարձած են ատրպէյճանական կեղծ տեղեկութիւններուն եւ ստայօդ յայտարարութիւններուն: Ըստ Armenpress.am-ի՝ Ազգային ժողովի «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր, ԵԽԽՎ հայաստանեան պատուիրակութեան անդամ Տաթեւիկ Հայրապետեանը Facebook-ի իր էջին վրայ նշած է, որ ԵԽԽՎ ամառնային նստաշրջանը, բացի լիագումար նիստերուն մէջ ընթացող բուռն քննարկումներէն, պակաս վիճելի չէ նաեւ յարակից ձեռնարկներու (side-events) ծիրէն ներս:

«Այսպիսով, ատրպէյճանցիներու մասնակցութեամբ կամ նախաձեռնութեամբ ԵԽԽՎ-ի մէջ կազմակերպուած էր երկու ձեռնարկ, որոնցմէ մէկը նուիրուած էր Ատրպէյճանի մէջ փախստականներու եւ «ներքին տեղահանուածներու» հարցերուն, եւս մէկ ձեռնարկ՝ Արցախի մէջ դատապարտուած երկու ատրպէյճանցի յարձակողներուն: Երկու պարագային ալ ատրպէյճանական լրատուամիջոցները կ՝իրականացնէին լուսաբանում։ Ձեռնարկներուն ներկայ եղած եմ նաեւ ես եւ հակադարձած ատրպէյճանական պնդումներուն»,- նշած է Տաթեւիկ Հայրապետեան։

Անոր տեղեկութիւններով՝ երեկ կազմակերպուած ձեռնարկին հիմնական նպատակն էր խօսիլ, թէ Ատրպէյճանը ինչ քաղաքականութիւն կը վարէ փախստականներու հարցով։ Բանախօսներուն մէջ էր Ատրպէյճանի մէջ փախստականներու եւ «ներքին տեղահանուածներու» հարցերով պետական կոմիտէի փոխնախագահ Ֆուատ Հուսէյնովը: Տաթեւիկ Հայրապետեանի խօսքով՝ հիմնական շեշտադրումները ուղղուած էին ոչ թէ փախստականներու հանդէպ տարուող քաղաքականութիւնը ներկայացնելուն, այլ՝ Հայաստանի դէմ հերթական քարոզչական արշաւը իրականացնելուն:

«Ի պատասխան՝ ես եւ Նայիրա Զոհրապեանը, մերժելով Ֆուատ Հուսէյնովի ելոյթին բովանդակութիւնը իր ամբողջութեան մէջ՝ իբրեւ կեղծ եւ հակամարտութեան բնոյթը խեղաթիւրող, շեշտեցինք, որ անթոյլատրելի է նման ձեռնարկներու կազմակերպումը, ուր կը ներկայացուի միայն ատրպէյճանական կողմը, մինչդեռ հակամարտութեան միւս կողմերը՝ Արցախը եւ Հայաստանը իրենց համապատասխան պաշտօնեաներով ներկայացուած չեն»,- նշած է Տաթեւիկ Հայրապետեան:

Երկու ատրպէյճանցի յարձակողներու հետ կապուած ձեռնարկը կազմակերպած էր ԵԽԽՎ-ի մէջ ատրպէյճանական պատուիրակութիւնը: Ներկայ էր նաեւ յարձակողներէն մէկուն որդին: Անոր տեղեկութիւններով՝ ձեռնարկին յուզական երանգ հաղորդելով՝ ներկայացուցին անոնց հանդէպ ցուցաբերուած իբրեւ թէ դաժան վերաբերմունքը, Հայաստանի հասցէին հնչեցուցին մեղադրանքներ, ներկայացուցին ստայօդ տեղեկութիւններ, ցուցադրեցին նաեւ տեսանիւթ:

«Աւարտին խօսք խնդրեցի եւ նշեցի, որ ասիկա ո՛չ թէ «մարդասիրական» գործ է, ինչպէս ատրպէյճանցիները կը ներկայացնեն, այլ՝ քրէական։ Շեշտեցի, որ անթոյլատրելի են նման շահարկումները Եւրոպայի խորհուրդէն ներս, անթոյլատրելի են յանցագործները մարդասիրական ծիրի մէջ ներկայացնելու փորձերը: Ներկաներուն տեղեկացուցի, որ յարձակողներու գործողութիւններուն հետեւանքով զոհուած է 2 անձ, որոնցմէ մէկը՝ 17-ամեայ պատանի, եւ վիրաւորուած է մէկ կին: Նշեցի, որ ատոր հետ մէկտեղ Կարմիր խաչը մշտական մուտք ունի եւ պարբերաբար կ՝այցելէ անոնց: Աւելցուցի, որ մենք պիտի չ՝արտօնենք մարդասպաններու հերոսացման նոր դէպքեր եւ կոչ ըրի դադրեցնելու մարդասպաններու հերոսացումները եւ նոր «սաֆարովներ»ու ստեղծումը: Եզրափակեցի՝ յորդորելով, որ մարդու իրաւունքներու խախտումներ փնտռեն սեփական երկրի մէջ, ուր անոնց պակասը չկայ, քանի որ բազմաթիւ մարդիկ բանտերու մէջ են իրենց այլախոհ հայեացքներուն պատճառով»,- աւելցուցած է Տաթեւիկ Հայրապետեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment