Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Մամետեարով. «Ղարաբաղեան Խնդրի Կարգաւորումը Պէտք է Փուլային Ըլլայ»

Մամետեարով. «Ղարաբաղեան Խնդրի Կարգաւորումը Պէտք է Փուլային Ըլլայ»

by MassisPost

«Ուաշինկթընի մէջ կայացած բանակցութիւններու ընթացքին Մինսքի խումբի համանախագահները կրկին ներկայացուցած են այն փաստաթուղթերը, որոնք նախապէս քննարկուած են», – Turan գործակալութեան փոխանցմամբ՝ մեկնաբանելով Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի հետ Յունիս 20-ին կայացած հանդիպումը, յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավար Էլմար Մամետեարովը:

« Մենք պէտք է բովանդակային բանակցութիւններ վարենք: Այժմ մենք կ’աշխատինք համանախագահներու` Մարտ 9-ին հրապարակած յայտարարութեան հիման վրայ: Այդ փաստաթուղթի որոշ դրոյթներու հետ մենք համաձայն ենք, որոշ դրոյթներու հետ` ոչ», – նշած է Մամետեարովը`պնդելով, որ այդ յայտարարութեան համաձայն հայկական զօրքերը պէտք է դուրս բերուին «ատրպէյճանական տարածքներէն»:

«Մնացեալը կրնայ որոշուիլ անկէ ետք», – նշած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը:

«Հայկական կողմը ամէն անգամ շրջանառութեան մէջ կը դնէ անվտանգութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի մասին հարցերը: Ինչ կը վերաբերի անվտանգութեան, ապա տարածաշրջանին մէջ կրնան խաղաղապահ ուժեր տեղակայուիլ», – յայտարարած է Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment