Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Շուրջ անվտանգային Միջավայրը ոչ միայն չէ Լիցքաթափուած, Այլեւ Հակառակը․ Փաշինեան

Հայաստանի Շուրջ անվտանգային Միջավայրը ոչ միայն չէ Լիցքաթափուած, Այլեւ Հակառակը․ Փաշինեան

by MassisPost

Ցաւօք Հայաստանի շուրջ անվտանգային միջավայրը ոչ միայն չէ լիցքաթափուած, այլեւ հակառակը, որոշակի գործընթացներ տեղի կ’ունենան մեր միջավայրին մէջ, որոնք մեզ կը ստիպեն աւելի աչալուրջ ըլլալ մեր անվտանգային մարտահրաւէրներու հարցի առումով, յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Անվտանգութեան խորհուրդի հերթական նիստի ժամանակ:

«Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան անվտանգութիւնն, ի հարկէ, մեր կառավարութեան համար լրջագոյն առաջնահերթութիւն է: Եւ այդ ուղղութեամբ մենք ունենք ոչ միայն ընթացիկ, միջնաժամկէտ, այլեւ ռազմավարական, երկարաժամկէտ խնդիրներ լուծելու եւ քննարկելու խնդիր», – նշած է Փաշինեանը:

Անվտանգութեան խորհուրդի նիստի ժամանակ քննարկուած է անվտանգութեան ոլորտին վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment