Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ամբաստանեալ Ռոպերթ Քոչարեան Վերադարձաւ Կալանավայր

Ամբաստանեալ Ռոպերթ Քոչարեան Վերադարձաւ Կալանավայր

by MassisPost

Յունիս 25-ին, Հայաստանի Վերաքննիչ Դատարանը որոշեց բաւարարել կրկին կալանաւորել սահմանադրական կարգի տապալման մէջ մեղադրուող Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը:

Վերաքննիչ դատարանը որոշեց՝ դատախազ Պետրոսեանի եւ տուժողի ներկայացուցիչ փաստաբան Սաֆարեանի վերաքննիչ բողոքները բաւարարել, բեկանելով Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի դատարանի Մայիսի 18-ի որոշումը ու Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ որպէս խափանման միջոց ընտրուած անձնական երաշխաւորութիւնը վերացնել:

Դատարանը նաեւ բեկանած է Սահմանադրական դատարան դիմելու եւ գործի վարոյթը կասեցնելու առաջին ատեանի որոշումը եւ համապատասխան քրէական գործը ուղարկած նոյն դատարան` նոր քննութեան:
Որոշումը ենթակայ է բողոքարկման այն ստանալու պահէն 15-օրեայ ժամկէտի ընթացքին:

Քոչարեանն ու անոր պաշտպանական խումբը նիստին ներկայ չեն եղած: Աւելի վաղ պաշտպանական խումբը յայտարարութիւն տարածած էր՝ մանրամասնելով. – «Վերաքննիչ քրէական դատարանը թոյլ չի տուել ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպաններին ներկայացնել իրենց դիրքորոշումները եւ, կոպտօրէն ոտնահարելով մրցակցային դատավարութեան սկզբունքը, հեռացել է խորհրդակցական սենեակ՝ դատական աքթ կայացնելու, յայտարարում ենք, որ ո՛չ նախագահ Քոչարեանը, ո՛չ Պաշտպանական խմբի անդամները, ի նշան բողոքի, չեն մասնակցելու այսօր կայանալիք նիստին»:

Դատաւոր Արմէն Դանիէլեանի կողմէ որոշումի հրապարակումէն ետք Ռոպերթ Քոչարեան ինքնակամ ներկայացաւ իրաւապահ մարմիներուն ու վերադարձաւ բանտ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment