Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ընդդիմութեան Թեկնածուն Յաղթած է Պոլսոյ Քաղաքապետի Ընտրութիւններուն

Ընդդիմութեան Թեկնածուն Յաղթած է Պոլսոյ Քաղաքապետի Ընտրութիւններուն

by MassisPost

«Ամէն ինչ շատ լաւ պիտի ըլլայ» կարգախօսով ընտրութեան գնացած Էքրէմ Իմամօղլուն համոզիչ յաղթանակ տարած է Պոլսոյ քաղաքապետի ընտրութիւններուն:

Թուրքիոյ կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը ամփոփած է նախօրէին կայացած ընտրութեան արդիւնքները՝ վերջնականապէս արձանագրելով ընդդիմութեան թեկնածուի յաղթանակը: Ժողովրդահանրապետական եւ «Լաւ» կուսակցութիւններու առաջադրած թեկնածուն՝ Էքրէմ Իմամօղլուն ստացած է ընտրողներու ձայներու 54,21 տոկոսը, իսկ իշխող Արդարութիւն եւ զարգացում ու Ազգայնական շարժում կուսակցութիւններու թեկնածու Պինալի Եըլտըրըմը 44,99 տոկոսը:

Ուշագրաւ է, որ ընդդիմադիր գործիչը վերջին 35 տարուան ընթացքին Պոլսոյ ՏԻՄ ընտրութիւններուն ամէնէն շատ ձայներ հաւաքած թեկնածուն է, իսկ 1984 թուականէն ի վեր միայն Իմամօղլուն յաջողած է 50 տոկոսէն աւել քուէ ստանալ:

«Մենք այս քաղաքին մէջ ժողովրդավարութիւն պիտի կառուցենք, արդարութիւն պիտի կառուցենք: Այս հասարակութիւնը ազատութեան պիտի հասնի, պիտի յաղթէ անարդարութեան: Ես կը հաւատամ մեր ժողովուրդին, կը հաւատամ նաեւ ժողովրդավարութեան հանդէպ անոնց հաւատքին», – յայտարարած է Իմամօղլուն՝ դիմելով հաւաքուած բազմութեան:

«Մեր կուսակցութեան ընտրազանգուածը այս անգամ աւելի վճռական էր: Մէկ մարդու ռեժիմը այլեւս տապալուած է: Սա ընտրութեան ամենակարեւոր արդիւնքն է: Վաղուընէ կը սկսինք նորոգել ժողովրդավարութիւնը», – «Պիանէթ»-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանը:

Մարտ 31-ին տեղի ունեցած ՏԻՄ ընտրութիւններուն 13 հազար ձայներու տարբերութեամբ Պոլսոյ մէջ յաղթած էր ընդդիմութեան թեկնածու Էքրէմ Իմամօղլուն: Իշխող կուսակցութեան բողոքարկումէն ետք, սակայն, Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը, Մայիս 6-ի որոշմամբ, չեղարկած էր քուէարկութեան արդիւնքները՝ յայտարարելով, որ ընտրութիւնը պէտք է կրկնել:

Այս անգամ Իմամօղլուի յաղթանակը անկասկած է: Իշխանութեան թեկնածու Պինալի Եըլտըրըմը շնորհաւորած է մրցակիցը գրանցած յաջողութեան համար: Իմամօղլուն շնորհաւորած է նաեւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը՝ այսպիսով ընդունելով քուէարկութեան արդիւնքները:

Մասնագէտները կը վկայեն՝ Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութիւնը 2002 թուականէն՝ իշխանութեան գալէն ի վեր, այս ընտրութիւններուն ամենածանր պարտութիւնը կրած է: Վերլուծութիւնները ցոյց կու տան, որ Իմամօղլուն ձայներ ստացած է նաեւ իշխանութեան կողմնակիցներէն եւ այս հանգամանքը Էրտողանի համար ազդանշան է երթալու քատրային փոփոխութիւններու կուսակցութեան ներսը: Կարծիք կայ, որ այս պարտութիւնը կրնայ դառնալ Էրտողանի ու անոր կուսակցութեան երկարամեայ իշխանութեան վերջի սկիզբը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment