Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը Պէտք է Ըլլայ Բռնութենէ Զերծ Երկիր. Փաշինեան

Հայաստանը Պէտք է Ըլլայ Բռնութենէ Զերծ Երկիր. Փաշինեան

by MassisPost

Հայաստանը պէտք է ըլլայ բռնութենէ զերծ երկիր, ուր տեղ չունին բռնութիւններով հարցեր լուծելու որեւէ մտայնութիւն, որեւէ փորձ, որեւէ քարոզչութիւն, յայտարարած է Նիկոլ Փաշինեանը՝ Ոստիկանութեան ներքին զօրքերու կազմաւորման 27-ամեակի միջոցառման ժամանակ:

«Հայաստանի Հանրապետութիւնում սիրոյ եւ համերաշխութեան մթնոլորտ ձեւաւորելու մեր անմնացորդ ձգտումը ոմանք կարծես փորձ են անում մեկնաբանել որպէս թուլութիւն», – ընդգծած է Փաշինեանը։

Վարչապետը վստահեցուցած է՝ կառավարութիւնը երկչոտութեան որեւէ դրսեւորում կամ կամքի պակաս չունենար՝ սահմանադրական կարգը, քաղաքացիներու իրաւունքները, ազատութիւնները, Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը, ժողովրդավարութիւնը պաշտպանելու գործին մէջ:

«Մեր կամքը չի սասանուի, եւ մեր ձեռքը չի դողայ բոլոր նրանց հետ յարաբերութիւններում, ովքեր կը փորձեն Հայաստանի Հանրապետութիւնում վերածնել բռնութեան քարոզչութիւնը եւ բռնութեան գործելակերպը։ Մեր ձեռքը չի դողայ, մեր կամքը չի սասանուի», – նշած է Փաշինեանը։

Յունիս 6-ին ալ վարչապետը կառավարութեան նիստի ընթացքին յայտարարած՝ ոչ թէ թաւշեայ, այլ երկաթեայ հակահարուած պիտի տրուի բռնութեան քարոզ հնչեցնող ուժերուն: Ոստիկանապետն ալ արձագանգեց վարչապետի յայտարարութեան, վստահեցուց՝ ոստիկանութեան պատասխանը իրաւախախտներուն շատ կոշտ պիտի ըլլայ։

Օսիպեանը ըսած է՝ եթէ նախապէս ոստիկանութիւնը կը հանդուրժէր, ապա մօտ մէկ ամիս է՝ վերաբերմունքը փոխուած է օրինազանցներու նկատմամբ։ – «Վստահեցնում եմ՝ այսօր արդէն եւ շուրջ մէկ ամիս տեւական կը լինի եւ ոստիկանութիւնը այլեւս հանդուրժող չի», – ընդգծած է ոստիկանապետը։

Ոստիկանապետը, ի դէպ, այսօր յեղափոխութենէն ետք ոստիկանութեան թիւ մէկ ձեռքբերումը համարած է ոստիկանութեան զօրքերու մարտական հերթապահութեան անցնիլը։ Բացատրած է՝ մինչ այդ ալ ներքին զօրքերը սահմանագիծին ծառայութիւն կ’իրականացնէին, սակայն այն կարճ կը տեւէր։

«Մեր դիրքերում պաշտպանութեան նախարարութեան՝ զինուած ուժերու ներկայացուցիչներ չկան, առաջներում կային, բայց երբ որ տղաները հմտացան եւ դարձան արդէն այդ տարածքների տէր ու տիրակալը, էսպէս ասած, շուրջ մէկ տարի է մենք ինքնուրոյն պաշտպանում ենք պետական սահմանը», – ըսած է Օսիպեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment